ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայկական համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն ու Մայքըլ Կրիմ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 20 այլ քոնկրեսականներ նամակով մը կոչ ըրած են Ներկայացուցիչներու տան Պետական ու արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբի ղեկավարութեան, որ յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրեն Հայաստանին, Լեռնային Ղարաբաղին, Ջաւախքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան:
Օրէնսդիրները յորդորած են տնտեսական եւ ապահովական մարզերուն տրամադրուելիք աջակցութեամբ օժանդակել Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացման:
Նամակին մէջ, անոնք շեշտած են, որ մարդասիրական եւ զարգացման նպաստներէն առնուազն 5 միլիոն տոլար պէտք է տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղին եւ առնուազն 50 միլիոն տոլարի տնտեսական օգնութիւն յատկացնել Հայաստանին:
Հոն կոչ կ՛ըլլայ նաեւ Վրաստանին յատկացուող օժանդակութեան առնուազն 10 տոկոսը նպատակաուղղելու Սամցխէ-æաւախք շրջաններուն մէջ աշխատատեղիներ ստեղծելու ծրագիրներուն:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ մարդասիրական եւ վերաբնակեցման աջակցութեան յատուկ միջոցներ պէտք է ուղղել Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններուն հետեւանքով տուժած հայութեան եւ այլ փոքրամասնութիւններու:
Օրէնսդիրները կոչ կ՛ընեն խստացնելու Ատրպէյճանին ուղղուած ամերիկեան օգնութեան սահմանափակումները, նաեւ՝ վերցնելու բոլոր արգելքները, որոնք կը խոչընդոտեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու հետ բանակցութիւնը՝ առաջարկելով Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարներուն մասնակցութիւնը ապահովել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի գլխաւորած բանակցութիւններուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, հայութեան անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնած է բոլոր օրէնսդիրներուն, որոնք աջակցած են այս նախաձեռնութեան:
Քոնկրեսականներուն յղած նամակը կարելի է կարդալ www.anca.org/assets/pdf/misc/FY14_appropriations_priorities.pdf կայքէջին վրայ:
Յիշեցնենք, թէ նախագահ Պարաք Օպամայի ներկայացուցած ամավարկին մէջ առաջարկուած էր միայն 24.7 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.