
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովը իր 25 Ապրիլի նիստին ընթացքին 24 թեր եւ 5 դէմ ձայներով Նարինէ Նարիմանեանը նշանակած է Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն դատարանի նախագահի պաշտօնին: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրած էր երկրի նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Մինչ այդ, Ազգային ժողովին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին Նարինէ Նարիմանեան անդրադարձած էր դատական համակարգի խնդիրներուն ու զարգացման հեռանկարներուն, առաջարկուող պաշտօնի ստանձնման պարագային իր ընելիքներուն։
ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահը գործընկերներուն եւ իր անունով Ն. Նարիմանեանը շնորհաւորած է այդ բարձր ու պատասխանատու պաշտօնին վրայ նշանակուելուն առիթով՝ յաջողութիւններ մաղթելով անոր:
Համաձայն կանոնակարգին, տեղի ունեցած է Գերագոյն դատարանի նորանշանակ նախագահի երդմնակալութեան ընթացակարգը: Ապա՝ խորհրդարանին շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցաբերուած վստահութեան համար, Նարիմանեանը խոստացած է ջանք ու եռանդ ցուցաբերել իր վրայ դրուած այդ վստահութիւնը արդարացնելու համար:
Նիստին մասնակիցները նաեւ լսած են ներկայացուած զեկուցումները՝ Լեռնային Ղարաբաղի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութեան եւ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ու հիմնարար ազատութիւններու խախտումներուն մասին եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկիչ պալատի 2012ի գործունէութեան տարեկան հաշուետուութիւնը:
Այս առիթով նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր մը՝ Նարինէ Նարիմանեանը Լեռնային Ղարաբաղի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնէն ազատ կացուցելու մասին, իր դիմումի համաձայն, այլ աշխատանքի անցնելու նպատակով:
Այլ հրամանագիրով Լեռնային Ղարաբաղի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար նշանակուած է Սամուէլ Աւանեսեանը: