ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».– Գերմանական արխիւներուն մէջ պահուող փաստագրական նիւթերը բացառիկ արժէք ունին եւ կը փաստեն, որ Գերմանիան կրնար կանխարգիլել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն ատիկա չէ ըրած: «Գերմանիան Թուրքիոյ միակ դաշնակիցն էր այդ ժամանակ, որը թուային տուեալներ ստանալու եւ առաքելու բացառիկ իրաւունք ունէր, ինչն էլ հնարաւորութիւն է տուել վերլուծութիւններ անելու», յայտնած է գերմանական արխիւները ուսումնասիրող պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Աշոտ Հայրունին:
Լրագրող Աննա Նազարեան կը գրէ, թէ գերմանական արխիւներուն մէջ պահուող փաստագրական նիւթերը կարելիութիւն պիտի տան յստակ պատասխաներ տալու բազմաթիւ հարցումներու: «Այդ նիւթերից պարզ երեւում է, որ հայերի տեղահանումն անշրջելի ու միանշանակ իրադարձութիւն էր: Նիւթերում պարզաբանւում է նաեւ, որ գերմանացի բարձրաստիճան երկու սպաներ են արգելել Զմիւռնիայում եւ Մոսուլում հայերի տեղահանումը, ինչը եւս վկայում է, որ Գերմանիան կարող էր կանխել Ցեղասպանութիւնը», նշած է Հայրունի։
Այս բոլոր տեղեկութիւններով հանդերձ, պատմաբանը քննարկման ենթակայ կը նկատէ հայ եւ թուրք պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկը: Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն է, եւ թեման կրնայ քննարկուիլ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք միայն:
Աշոտ Հայրունին Ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն ճանչնալ տալու իմաստով շատ կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ յիշողութեան համակարգի ստեղծման մէջ մասնակցութիւն ունենալու եւ Ցեղասպանութիւնը քուլիսներու ետին չձգելու աշխատանքը։
«Յիշողութեան համակարգի կենտրոնում Հոլոքոստն է, մինչդեռ պէտք է լինէր հէնց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դա նաեւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարց է», դիտել տուած է պատմաբանը:
«Քանի դեռ միջազգային հանրութիւնը բաւարար տեղեկութիւններ չունի 20րդ դարի սկզբին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, նշանակում է կատարուած աշխատանքը բաւարար չէ», նշած է Հայրունին: Իսկ Թուրքիան Ցեղասպանութիւնը պիտի ընդունի հասարակական ներքին պայթումի իբրեւ արդիւնք: Անոր համաձայն, այդ մէկը կրնայ ըլլալ 1 տարի, 50 տարի կամ թերեւս 100 տարի ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.