ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցը այս տարի նախորդ տարիներէն աւելի բարձր աղմուկ յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ, ուր այլեւս կը բարձրանայ թիւը այն անձերուն կամ կազմակերպութիւններուն, որոնք Ապրիլ 24ին հրապարակ կ՛իջնեն յիշեցնելու համար 1915ի պատահածները եւ բաժնելու համար հայ ժողովուրդին հարիւր տարիէ ի վեր կոտտացող ցաւը։
Բայց, հայոց ի նպաստ գործող այս անձերն ու կազմակերպութիւնները միշտ իրենց դիմաց կը գտնեն հակառակորդներ, որոնք դեռ կը շարունակեն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալ ու անոր առջեւ «սէօզտէ» կամ «եալան» որակականները զետեղել ու պաշտպան կանգնիլ այն տեսակէտին, որ պետութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնը կը կազմէ, հակառակ որ այդ քաղաքականութիւնը այլեւս չունի նախկին ամբողջական ժխտումի բնոյթը:
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, ոգեկոչումներ կատարուեցան Պոլսոյ, Տիարպեքիրի, Տերսիմի, Անգարայի, Ատանայի եւ Իզմիրի մէջ։ Իզմիրի ցոյցը պատճառ դարձաւ, որ հակառակ տեսակէտ պաշտպանող խմբակ մը հակացոյց ընէ ու ստեղծէ կարճատեւ իրարանցում ու բախումի մթնոլորտ։
Ոգեկոչումին համար բազմութիւն մը հաւաքուած էր Իզմիրի Տօնավաճառի դաշտի դրան առջեւ։ Ցուցարարները կը կրէին վերտառութիւններ, ուր գրուած էր. «Մի մոռնար 24 Ապրիլ 1915ը», եւ ցուցարարները հայերու ի նպաստ լօզունգներ կ՛արձակէին։
Այդ միջոցին Տօնավաճառի դաշտին ուրիշ մէկ դրան առջեւ հաւաքուեցան «Ժողովուրդի փրկութեան կուսակցութիւն» կոչուած կազմակերպութեան անդամներ, որոնք «Հայկական Ցեղասպանութեան սուտը» գրութեամբ վերտառութիւններ պարզեցին։ Խմ-բակները դէմ դիմաց եկան ու բանավէճ սկսաւ։ Ոստիկանական ուժերը անմիջապէս միջամտեցին ու իրարմէ անջատեցին երկու խմբակները եւ ո՛չ մէկը հսկողութեան տակ առնուեցաւ։ Ցուցարարները դաշտէն հեռացան առանց այլ միջադէպի:
Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքներուն կարեւորագոյնն էր Սուլթանահմետի մէջ կայացած հաւաքոյթը, որուն ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան կողքին յիշատակուեցաւ նաեւ ասորիներու նկատմամբ գործադրուած ցեղասպանութիւնը։
Թուրքիոյ Իսլամական գործերու թանգարանի շէնքին առջեւ պարզուած էին վերտառութիւններ, ուր կ՛ըսուէր, թէ 1915ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն է եւ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է։ Հոն տեղադրուած էին նաեւ Ապրիլ 24, 1915ին ձերբակալուած հայերու լուսանկարները եւ անունները այն հայաբնակ գիւղերուն, որոնք գոյութիւն ունէին 1915էն առաջ եւ որոնց անունները փոխուեցան յետագային։ Հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Մարդկային իրաւունքներու միութեան, «Տուր-Տէ» կազմակերպութեան, Շուէտի ասորի երիտասարդական դաշնակցութեան, «Նոր Զարթօնք» հայ երիտասարդական խմբաւորումին, Ընկերվարական կուսակցութեան եւ այլ կազմակերպութիւներու նախաձեռնութեամբ։
Մասնակիցները դիտել կու տային, որ Ապրիլ 24ի գիշերը ձերբակալուածները այս շէնքին մէջ բանտարկուեցան եւ հոնկէ ճամբայ հանուեցան դէպի մահ։
Ազդեցիկ ելոյթ ունեցաւ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի առաջնորդներէն Էրեն Քեսքին, որ պահանջեց վերջ տալ Ցեղասպանութեան ուրացուման, որպէսզի արդարութիւն հաստատուի։ Ան ըսաւ, որ այս Ցեղասպանութիւնը վերջ տուաւ Անատոլուի մէջ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներու կեանքին։ Ան ըսաւ, որ հայերու եւ ոչ իսլամներու նկատմամբ ատելութիւնն ու թշնամութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի. «Հայերը կեանքի ապահովութիւն չունին, զինուոր Սեւակ Պալըքճըն այս մասին փաստ մըն է. հակառակ անոր, որ ան վայրագօրէն սպաննուեցաւ, դատարանը այդ սպանութիւնը արկած նկատեց»։
Մեսքին հրապարակաւ պահանջեց, որ ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուի, այլ նաեւ բռնագրաւուած կալուածները վերադարձուին, նիւթական եւ բարոյական վնասները հատուցուին եւ հայերուն վերադարձը արտօնուի դէպի իրենց մայր հայրենիքը։ «Որքա՛ն ատեն, որ Ցեղասպանութիւնը չի ճանչցուիր եւ մենք դէմ յանդիման չենք գար յանցագործութիւններուն հետ, այս հողերուն վրայ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն պիտի չունենայ», ըսաւ ան։
Մինչ Է. Քեսքին կը խօսէր, ներկայ մը պոռաց. «Սուտ կը խօսիք: Թուրք ժողովուրդը ցեղասպանութիւն չի գործեր»։ Այս միջամտութեան վրայ կարճատեւ խառնակութիւն մը ստեղծուեցաւ, ապա հանրահաւաքը շարունակուեցաւ։
Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային նախագահ Ալի Ռըզա Պիլկիլի ելոյթ ունեցաւ եւ ըսաւ, որ Թուրքիոյ պատմութիւնը դժբախտաբար սպանդներով լեցուն է, եւ ցաւ յայտնեց, որ այդ սպանդներուն մասնակցած են նաեւ քիւրտեր. «Հիմա պարտաւոր ենք երես առ երես գալու այս սպանդներուն հետ։ Մենք, ներկայացնելով քիւրտ ժողովուրդը՝ կ՛անիծենք այդ սպանդներու պատասխանատուները եւ ներողութիւն կը խնդրենք հայ եւ ասորի ժողովուրդներէն»։
«Փերի» հրատարակչատան տէր Ահմետ Էօնալ, իր կարգին եւս ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի շարք մը ժողովուրդներ ոչնչացուեցան, որպէսզի ձեւաւորուի թուրք ազգային պետութիւնը։ «Ասիկա ծրագրուած քաղաքականութիւն էր։ Ժողովուրդները իրարու դէմ գործածուեցան։ Ես կը պախարակեմ նաեւ այն քիւրտերը, որոնք մասնակցեցան հայկական սպանդներուն», ըսաւ ան:
Ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ «Նոր Զարթօնք» խմբակին անունով Առնօ Գալայճը, որ ըսաւ, թէ հայերու դէմ կատարուած զանգուածային սպանդները սկսած էին արդէն 1894 թուականներուն։ Ան նշեց, թէ ուրացման քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ հանրապետութեան շրջանին եւս եւ փոքրամասնութիւններու ինչքերուն մասին այլեւս ժամանակավրէպ դարձած օրէնք մը գործադրուեցաւ։ Այս քաղաքականութեան հետեւանքով, Անատոլուի աշխարհագրութիւնը մշակութային ոչնչացումի ենթարկուեցաւ, բազմաթիւ լեզուներ եւ մշակոյթներ մահուան դատապարտուեցան։ «Այսօր, եթէ հայերու, քիւրտերու եւ թուրքերու միջեւ հաշտութիւն մը պիտի կայանայ, ատիկա պիտի չիրականանայ Ցեղասպանութեան ուրացումով, այլ՝ ժողովուրդներու հասարակաց պայքարով», ըսաւ ան եւ պահանջեց, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը բացուի, Սփիւռքի հայերուն հայրենակցական իրաւունք տրուի, ընդունուի, որ պատահածը Ցեղասպանութիւն էր եւ ներողութիւն խնդրուի, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան հեղինակներուն անունները հրապարակուին դասագիրքերու մէջ եւ Թուրքիոյ քաղքենիութիւնը հաշիւ տայ 1915ին յաջորդող բռնագրաւումներուն համար։
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի օրուան ոգեկոչումներուն առաջինը կայացաւ Զինճիրլիգիւղի գերեզմանատան մէջ, ուր ոգեկոչուեցաւ յիշատակը Քիւթահիոյ կառավարիչ Ֆայիք Ալի Օզանսոյի, եւ դիտել տրուեցաւ, թէ Օզանսոյ չէր գործադրած տեղահանութեան հրահանգը, այլ ուրիշ քաղաքներէ խոյս տալով Քիւթահիա հասած հայերուն լաւ վերաբերում ցոյց տուած էր։ Երբ ան Քիւթահիայէն բացակայութենէ մը ետք վերադարձած էր, դէմ եկած էր այն փաստին, որ բազմաթիւ հայեր խմբովին եւ բռնութեամբ հրաւիրուած էին իսլամութիւնը ընդունելու։
Ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի նախագահ պատմաբան Արա Սարաֆեան, որ անդրադառնալով Օզանսոյի՝ ըսաւ, թէ Ցեղասպանութեան յիշատակութեան ընթացքին պէտք է յիշել նաեւ այն թուրքերը, որոնք հայեր պաշտպանեցին։ «Կը յուսամ, որ անոր ընտանիքը յարգանքի պակաս չի նկատեր այստեղ մեր ներկայութիւնը. մենք անոր ժառանգութեան տէր պիտի կանգնինք», ըսաւ Արա Սարաֆեան:
Պոլսոյ մէջ ոգեկոչումներուն 3րդը, երեկոյեան ժամը 7:15ին կայացաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ։ «Պիա» լրատու կեդրոնէն տրուած տեղեկութեան համաձայն, հազարաւոր մարդիկ Թաքսիմի վրայ սգացին անհետացած հայերը։ Ցուցարարները կրեցին նաեւ Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Պալըքճըի լուսանկարները։
Փրոֆ. Կենչայ Կիւրսոյ իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը առաջին անգամ սկսաւ հայ մտաւորականներու ձերբակալութեամբ։ Այս կերպով, լռութեան մատնուեցան հայ մտաւորականները, որպէսզի անոնք ոչնչացման պատահարները չիմացնեն արեւմտեան աշխարհին։ Քանի մը օրուան մէջ 2945 հայ ձերբակալուեցաւ։ Անոնց միջեւ կային երեսփոխաններ, բանաստեղծներ. այլ խօսքով՝ ձերբակալուեցաւ հայ հաւաքականութեան «ուղեղ»ը։ Անոնք աքսորուեցան դէպի Այաշ եւ Չանքըրը, ուր առանց դատավարութեան՝ ձերբակալուածներէն 761 հոգի սպաննուեցաւ։ Հարիւր հազարաւոր հայեր, իրենց տունն ու գործը ձգելով՝ աքսորուեցան դէպի անապատ։ Ճամբուն վրայ ոճրագործները սպանդներ իրականացուցին աքսորեալներուն նկատմամբ։ Ընտանիքներ բաժան-բաժան եղան, զաւակներ որբ մնացին ու չկրցան գտնել իրենց ընտանիքները: Տասնեակ հազարաւորներ հիւանդութեան հետեւանքով մեռան, շատեր ալ իրենց աքսորավայրերուն մէջ սուրէ անցուեցան։ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը իրականացաւ այս հողերուն վրայ։ 98 տարի անցաւ, բայց ուրացումը կը շարունակուի։ Կը շարունակուի նաեւ հայերու դէմ թշնամանքը։ «Իթթիհատականներու հետքէն քալողները 2007ին Հրանդը սպաննեցին, 2011ին ալ՝ երիտասարդ Սեւակը։ Այս սպանդները ծրագրողները ազատ են եւ ասիկա Ցեղասպանութեան ուրացումին բնական մէկ հետեւանքն է», ըսաւ Կիւրսոյ եւ յիշեցուց, որ կային նաեւ թուրքեր, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով՝ հայեր պաշտպանեցին, թէեւ՝ անոնց թիւը քիչ էր։
Հաւաքին դարձեալ ներկայ էին Ժողովուրդի փրկութեան կուսակցութենէն մօտաւորապէս 20 անդամներ, որոնք լօզունգներ արձակեցին՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան «սուտ»ը դատապարտելու եւ անիծելու համար Ամերիկայի կայսերապաշտութիւնը»։ Ոստիկանական ուժեր անջատեցին այս խանգարիչ տառերը։
Մինչ այլեւս Թուրքիոյ մէջ այնքան մեծ թիւով մարդիկ սկսած են տեսնելու 1915ի պատահածներուն իրական բնոյթը եւ երբ այլեւս այսքան շատ բան հրապարակուած է պատահածներուն մասին, կան լրագրողներ կամ մտաւորականներ, որոնք դեռ տառացիօրէն պաշտպան կը կանգնին Թուրքիոյ պետական հնօրեայ տեսակէտին։ Անոնցմէ մէկն է յայտնի քաղաքագէտ Հասան Ճելալ Կիւզել, որ Ապրիլ 25ին, «Սապահ»ի իր յօդուածով ամբողջովին կ՛ուրանայ 1915ի պատահածները։ Զարմանալի է, որ ան կրցած է գրել այնպիսի տողեր, ինչպիսին է՝ «24 Ապրիլի պատահարին ընթացքին ոչ միայն հազարաւորներ չսպաննուեցան, այլեւ մէկ հոգիի քիթն իսկ չարիւնեցաւ»։
«Արմէնփրէս» կը նշէ, թէ Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ մեծ թիւով մարդիկ հաւաքուած են նաեւ Տերսիմի մէջ՝ ոգեկոչելու անմեղ զոհերուն յիշատակը: Ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կարճ տեսանիւթ մը պատրաստած է՝ պատմելով, որ հաւաքուածները հայերէն «Տէր Ողորմեա՛»ն երգած են, իսկ անոնցմէ մէկը լրագրողին ըսած է. «Նոյնիսկ առանց խօսքերը հասկնալու՝ երաժշտութիւնը ազդեց իմ վրաս: Մենք երբեք չենք մոռնար կատարուածը: Այն, ինչ կատարուեցաւ, աւելի էր քան սովորական կոտորածը»: Ներկաներէն ոմանք կրած են սեւ շապիկներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Ես հայ եմ»: Արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Տերսիմի հայերու միութեան նախագահ Միհրան Փիրկինչ Կիւլթեքին, որ խօսած է Տերսիմի իսլամացած հայերը իրենց արմատներու վերադարձին մասին: Ան աւելցուցած է, թէ այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հրապարակայնօրէն խօսուած է նաեւ պատմական Խարբերդի մէջ, Տերսիմի հայերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին: Ան նշած է, որ թէեւ հաւաքը համեստ եղած էր, «սակայն՝ անկեղծ»: Աւարտին, ան կարմիր վարդեր բաժնած է ալաուիներուն, որոնց նախնիներէն շատերը պատսպարած էին հայ ընտանիքներ:
Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան յիշատակման արարողութիւններուն անդրադարձած է նաեւ ֆրանսական «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանը՝ ընդգծելով, որ այս տարի, նախորդ տարիներուն համեմատ, աւելի շատ հայեր մասնակցած են այս միջոցառումներուն, ներառեալ՝ արտերկրէն հայեր: Կայանը նշած է, թէ Թաքսիմ հրապարակին վրայ կայացած ոգեկոչման ներկայ եղած է նաեւ «Ակօս» թերթի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի կինը՝ Ռաքելը, ինչպէս նաեւ՝ քրտամէտ կուսակցութեան անդամներ:
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
CMC FARMS
Manas Saghdejian Family
S & J Discount Pharmacy