Շաբաթ, 27 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Այնճարի «Մուսա լեռ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Այնճարի հոգեւոր պետերուն, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, միութեանց ներկայացուցիչներուն եւ համացանցով հետաքրքրուած հայրենակիցներու, տեղի ունեցաւ համայն մուսալեռցի-այնճարցիներու պաշտօնական կայքի բացումը:
Ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի համացանցի յանձնախումբին անունով կատարեց տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան: Ան անդրադարձաւ Մուսա Լեռ-Այնճար համացանցի կայքի գործունէութեան՝ անցնող 12 տարիներուն ընթացքին, յատկապէս շեշտելով այս կայքին կարեւորութիւնն ու օգտակարութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքը սկսող անդամներուն, յատկապէս Րաֆֆի Մախուլեանին, Վիգի Գարագաշեան-Այնթապեանին եւ Վարուժ Չիլինկիրեանին, որոնք հիմը դրած էին այս կայքին: Ան անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, թէ օրին կայքը անգլերէնով էր միայն եւ սահմանափակուած էր միայն Այնճարի մասին լրատուութեամբ:
Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան յայտնեց նաեւ, որ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն անցնող շրջանին որոշած էր կայքը հիմնական վերանորոգումի ենթարկել եւ զայն դարձնել երկլեզու՝ ծաւալուն բովանդակութեամբ եւ աւելի արդիական: Այս աշխատանքին համար կազմուեցաւ քառանդամ յանձնախումբ մը, որ գործի սկսաւ անցեալ Օգոստոսին՝ պատրաստելու համար նոր կայքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար հանդիսացան այս աշխատանքին:
Բացման խօսքէն ետք, յանձնախումբի տարած աշխատանքներուն մասին մանրամասն զեկուցում մը ներկայացուց Եսայի Հաւաթեան: Ան ներկայացուց աշխատանքի ընթացքն ու դժուարութիւնները՝ անդրադառնալով տարուած աշխատանքի ծաւալին եւ կարեւորութեան: Ան յայտնեց, որ համացանցի նոր կայքը կոչուած է դառնալու համայն մուսալեռցիներու հանդիպման վայրը եւ բոլոր ուժերը իրար կապող օղակը:
Ապա, ընկերակցութեամբ Ցոլակ Հերկելեանի, ներկայացուեցաւ նոր կայքը իր տարբեր գլուխներով եւ ընդարձակ բովանդակութեամբ:
Կայքի ներկայացումէն ետք ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն յատուկ մետալներով պատուեց անցեալի չորս պաշտօնեաները՝ Տիգրանուհի Քիւսպեքեանը, Ազատիկ Հերկելեանը, Լուսիկ Տէր Գալուստեանը եւ Մարինէ Գարայեանը:
Իր կատարած բացառիկ ներդրումին համար կոմիտէն Ոսկեայ զինանշանով պատուեց նաեւ Ցոլակ Հերկելեանը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.