24 Ապրիլի ոգեկոչման առիթով Թուրքիոյ մէջ այս տարի կազմակերպուած բացառիկ սգահանդէսներու շարքէն Կիրակի, Ապրիլ 28ի երեկոյեան Թօփհանէի նշանաւոր «Թիւթիւն Տեփոսու» կոչուած շէնքին մէջ կայացաւ արտասահմանէն ժամանած հիւրերու մասնակցութեամբ «փենըլ» մը, որ նուիրուած էր կորսուած յիշողութիւններու ու անցեալին մէջ Հայ ընտանիքներու կրած տառապանքներու նիւթին։
«Այս շէնքը, որ ներկայիս կը պատկանի մշակութասէր Օսման Գավալայի, այս անգամ հիւրասիրուած էր Տիլտիլեան եղբայրներու կողմէ անցեալին առնուած ընտանեկան լուսանկարներու շատ կարեւոր ցուցահանդէսը։ Այս ցուցահանդէսը կը ցոլացնէր հայոց տխուր պատմութեան մէկ երեսակը, պատմութիւն՝ որուն ընթացքին հայերը վտարուեցան այն հողերէն, ուր կ՛ապրէին 2500 տարիէ ի վեր։ Բայց այս կորուստը միայն անձի կորուստ չէր, այլ կորուստն էր նաեւ այն մշակութային գանձերուն, զորս հայերը ձեւաւորած էին այդ երկար տարիներուն ընթացքին։ Լուսանկարիչ Տիլտիլեան եղբայրներու լուսանկարները, որոնք այս ցուցահանդէսին համար վերատպուած են, հսկայական հասակներով ու շատ տպաւորիչ ճշգրտութեամբ, ընտրուած էին ընդհանրապէս Սվասի, Մերզիֆոնի, Սամսունի, Գոնիայի եւ Ամասիոյ մէջ քաշուած լուսանկարներէ։ Այս լուսանկարներուն թիւը կը հասնի 600ի։ Այս հաւաքածոն ներկայիս կը կազմէ փիլիսփայութեան դասախօս փրոֆ. Արմէն Մարսուպեանի ընտանիքին եւ Մարսուպեան մէկն էր հիւրաբար եկողներէն ու երէկուան փենըլին մասնակցողներն։ Միւս երկու բանախօսներէն էին հռչակաւոր հայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան եւ համալսարանի դասախօս Այշէկիւլ Ալըթնայ», կը տեղեկացնէ «Մարմարա» օրաթերթը։
Երեք բանախօսներուն զրոյցները կը վարէր Երեւանէն Սալբի Ղազարեան հարցումներով ու մեկնաբանութիւններով։ Աշխատաժողովը անգլերէնով էր եւ թարգմանութիւն չկար։
«Մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի եւ փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի համար, որոնք ներկայ գտնուեցան այս աշխատաժողովին, բացառիկ հաճոյք էր ծանօթանալ Արսինէ Խանճեանի հետ ու բարի գալուստ մաղթել անոր։ Աշխատաժողովի սկսելէն առաջ կարճատեւ զրոյց մը ունեցան անոնք նշանաւոր դերասանուհիին հետ», կը գրէ «Մարմարա», ըստ որուն՝ Արսինէ Խանճեան իր ելոյթին մէջ պատմեց, որ օր մը Մարսուպեան իրենց ցոյց տուած էր Տիլտիլեան եղբայրներու լուսանկարները եւ հարցուցած էր, թէ ինչպէ՞ս կրնար հանրութեան ծանօթացնել այդ լուսանկարները։
«Ինք ալ հիացած էր այդ նկարներուն վրայ եւ յանձնարարած էր որ ցուցահանդէս մը կազմակերպուի։ Այսպէս է, որ ծնունդ առած էր ցուցահանդէսի այս գաղափարը, որ կը բացուէր Իսթանպուլի մէջ», կը պատմէ «Մարմարա», աւելցնելով, որ աշխատաժողովի մայր նիւթը ի վերջոյ դարձաւ բռնի ուժով մահմետականացած հայերու շուրջ։ Տիլտիլեան ընտանիքն ալ այդ ընտանիքներէն մէկն էր եւ մինչեւ որ անոնք չհեռացան Թուրքիայէ, չկրցան խօսիլ իրենց իրական կրօնքին ու ինքնութեան մասին։
Աշխատաժողովին մասնակիցները դիտել տուին որ տարբեր բան էր մամհետականութիւնը ընդունիլը, եւ տարբեր բան էր բռնի ուժով մահմետական դառնալը։ «Այս վերջինները, իրենց վախէն, միշտ գաղտնի պահեցին իրենց բուն ինքնութիւնը եւ աշխատաժողովին բուն խնդիրն էր այժմ յիշել անոնց այդ գաղտնապահութիւնն ու լռութիւնը, եւ անգամ մը եւս փաստել, թէ լուսանկարները շատ բան կը փրկէին անհետացած անցեալէն», կը գրէ «Մարմարա» եւ կ՛աւելցնէ՝ ըսելով. «Ցուցահանդէսը, որ երկու յարկերու վրայ տարածուած էր եւ որուն լուսանկարները մեծցուած էին Գրիգոր Սահակեանի կողմէ, ունէր նաեւ տխուր սենեակ մը, ուր ընտանիքի անդամներուն մեծահասակ մէկ նկարը կար։ Անոնց մեծամասնութիւնը սպաննուած էր եւ սպաննուածներուն վրայ խաչի նշան կար։ Այդ նկարին քով մոմեր կը վառէին»։
Արսինէ Խանճեան, որ 24 Ապրիլի ոգեկոչման ձեռնարկներու առիթով կը գտնուէր Պոլիս եւ 26 Ապրիլին բանախօսութիւն մը սարքած էր Թօփհանէի «Թիւթիւն Տեփհոսու»ի սրահին մէջ, այցելեց արաբկիրցի Վարսէն Օրունճաքճըիէլին: «Ինչպէս պիտի յիշուի մօտաւորապէս 1.5 տարի առաջ Մայտա Սարիսի կողմէ գիրք մը հրատարակուած էր վերջին արաբկիրցի այս հայուհիի մասին։ Արսինէ Խանճեան այցելեց Վարսէն Օրունճաքճըիէլին, շնորհաւորեց անոր ծննդեան 100ամեակը եւ ստորագրել տուաւ յիշեալ գիրքը», կ՛եզրափակէ «Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.