
Կիրակի, Ապրիլ 30էն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ ընթերցողներու դատին յանձնուեցաւ հայալեզու «Լոյս» երկշաբաթաթերթը:
Ըստ թրքական «Տողան» գործակալութեան փոխանցած տեղեկութեան՝ Ապրիլ 29ին, Պոլսոյ «Իսթանպուլ ՈԻԱՈՒ» (Istanbul WOW) հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Լոյս» երկշաբաթաթերթի շնորհահանդէսը, իսկ Ապրիլի 30էն սկսեալ անիկա արդէն հասանելի դարձած է ընթերցողներուն:
Աւելի շուտ, թրքական «Թարաֆ» թերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին «Լոյս»ի գլխաւոր խմբագիր Շահնուր Քազանճը յայտնած էր, որ նոր երկշաբաթաթերթը իր ուշադրութեան կեդրոնին պիտի պահէ Թուրքիոյ հայկական, ասորական եւ յունական համայնքներուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններն ու զարգացումները՝ սակայն առանց անտեսելու միւս ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւնները:
«Մեր նոր թերթը լոյս պիտի տեսնէ 15 օր անգամ մը եւ պիտի ունենայ 28 էջ, որոնցմէ մէկը՝ հայերէնով: Մենք ունինք բաժանորդագրութեան համակարգ մը, սակայն երկշաբաթաթերթը պիտի վաճառուի նաեւ կրպակներու մէջ: Այս պահուն արդէն 800 բաժանորդ ունինք», կը յայտնէ «Լոյս»ի գլխաւոր խմբագիրը: