ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Երկուշաբթի, Ապրիլ 29ի, 2013ին Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահը դարձած էր հայոց պատմութեան եւ հայ ազատագրական պայքարը ներկայացնող ազգային թանգարանի մը, ուրկէ անխուսաբելիօրէն կը բխէր ազգային միտքն ու ոգին:
Պաստառներու վրայ սկսած Կիլիկիոյ թագաւորութենէն, մինչեւ Սեւրի դաշնագիրի պատմական հաւաքագրումը, ներկաներուն կը տանէր հայոց պատմութեան հնագոյն դարէն մինչեւ նորագոյնը՝ ներկայացնելով դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի փորձութիւններն ու արհաւիրքները, ինչպէս նաեւ մեծ զոհողութիւններու գնով ձեռք բերուած Հայաստանի հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնները ցուցադրող պատկերներ եւ դրուագներ:
Սեղաններու վրայ զետեղուած պաստառները կը ներկայացնէին ներկայ Հայաստանի եւ Արցախի շրջանները, հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը, պատմական խորհրդանիշերն ու դրօշները, Մուսա լերան 40 օրերը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Պանք Օթոմանը, Վանի եւ Զէյթունի ինքնապաշտպանութիւնը, Մայիս 28ը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ֆէտայիներ, հայկական թատրոն, հայ ստեղծագործներ եւ արուեստագէտներ, գրագէտներ եւ պատմաբաններ, Կոմիտաս վարդապետ, Խրիմեան Հայրիկ, մինչեւ իսկ Սեւրի դաշնագիր, «Նեմեսիս» գործողութիւն եւ Լիզպոն հինգ, զորս միջնակարգէն մինչեւ երկրորդական դասարանի աշակերտներ՝ հայոց պատմութեան իրենց հմտութեամբ, պաստառներու վրայ պատրաստած էին օրուան նիւթին առնչուող իրենց պրպտումները, հակիրճ բայց պատկերազարդ եւ մանրամասն տեղեկութիւններով:
Իւրաքանչիւր դասարան, իր դաստիարակին հետ առիթն ունեցաւ դիտելու հայոց պատմութիւնը ներկայացնող նշանակալից պաստառները եւ հպարտանալու այն իրականութեամբ, թէ հայ ժողովուրդը այնքա՛ն ամրակուռ է իր հարուստ մշակոյթով, հզօր է իր ազգային գիտակցութեամբ, եւ իր յամառ պայքարին շնորհիւ ոչ միայն գոյատեւած է, այլեւ վերականգնելով իր անկախութիւնը՝ իր արժանաւոր տեղը գտած աշխարհի ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ:
Ինչպէս նախորդող տարիներուն, այս տարի եւս հայերէն բաժանմունքի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն կատարած երկարատեւ եւ հետեւողական, բծախնդիր եւ ժրաջան աշխատանքը, անգամ մը եւս փաստեց, թէ հայոց պատմութեան եւ Հայ Դատի արժէքներու հետեւողական դաստիարակումը, հայ աշակերտին մէջ աւելի եւս կ՛ամրապնդէ ազգային ոգին՝ զայն գիտակից դարձնելով նախանձախնդրութեամբ շարունակելու իրբեւ հայ ազգի զաւակ ապրելու սրբութիւնը, իսկ դաստիարակին թողելով հպարտութեան այն իւրայատուկ զգացումը, թէ արդէն իսկ աշակերտին տուած է հայեցի դաստիարակութեան զօրաւոր այն արմատները, որոնցմով ան պիտի զինուի այն խոչընդոտներուն դէմ, որոնք կը սպառնան հայ ազգի յառաջդիմութեան ու զարգացման:
Սալբի Թէքկէլեան վարժարանի թղթակիցն է