
Շաբաթ, 5 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Հայկազ Ալվերցեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանք եւ «Անոնք ալ հայ են» նիւթով խօսեցաւ համշէնահայութեան մասին։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յովհաննէս սրկ. Թէփիրճեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց դասախօսը։
Յայտագիրի առաջին բաժինով, դպրեվանեցիներ տեսաերիզով ծանօթացան համշէնահայութեան աւանդութիւններուն եւ բարքերուն։ Տեսաերիզը ընդհանուր կերպով կը պատկերէր «իսլամացած» հայերու մշակոյթն ու հայկական արմատներուն կապուածութիւնը։
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ դասախօսը, որ առաւելաբար համշէնահայութեան հոգեւոր ծարաւին մասին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Դուք հոգեւորականներդ էք, որ պիտի օգնէք եւ դարման գտնէք համշէնահայերու հոգեւոր ծարաւին յագեցման. անոնք թէեւ արտաքնապէս «իսլամացած» են, սակայն հոգեպէս քրիստոնեայ կը մնան»։
Փակման խօսքը կատարեց Դպրեվանքի հսկիչներէն Գարեգին աբղ. Շխրտըմեան, որ տեսչութեան եւ սաներուն անունով իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց դասախօսին եւ դպրեվանեցիները հրաւիրեց որպէսզի հայաբար ապրին իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ։