
ԹԱՒՐԻԶ.- Կիրակի, 5 Մայիսին, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան Ս. Թադէի վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ Հնապահպանման հիմնարկի ընդհանուր տեղակալ Շէեպանփուրի եւ Չալտրանի Կուսակալ՝ Ղոլիփուրի:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արեւմտեան Ատրպատականի զինուորական պատասխանատուներ եւ կառավարական այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
Թեմակալ առաջնորդին կողքին ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան, ատենադպիր Անի Յակոբեան եւ պետական Հնապահպանման հիմնարկի տնօրէն Շերլի Աւետեան:
Բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը նախ առաջնորդուեցաւ Տաճարի սուրբ կամարներուն տակ, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի կարճ պահ, գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդին:
Այնտեղ, վանքի վերանորոգման ներկայ հանգրուանին մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Շերլի Աւետեան: Ապա շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ կողմերու միջեւ հանդիպումը: Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Իրանի հայկական սրբավայրերու վերանորոգման ու պահպանման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Ատրպատականի թեմին առնչուող որոշ հարցեր:
Թեմակալ առաջնորդը թեմին անունով շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնեց պատուիրակութիւնը գլխաւորող Շեպանփուրին, որ աչալրջօրէն կը հետեւի յատկապէս պատմական մեծ արժէք ներկայացնող հայկական վանքերուն ու սրբավայրերուն բարւօք պահպանման. «Այս երկրի բոլոր պատասխանատուներուն հոգածութիւնը հայութեան ու մեր սրբավայրերուն նկատմամբ, բարձրագոյն աստիճանի քաղաքակրթութեան ու իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօններու համակեցութեան գերազանց օրինակներ են համայն աշխարհին դիմաց եւ միշտ գնահատանքի ու երախտագիտութեան արժանի», ըսաւ Առաջնորդը: Ապա ան մտահոգութիւն յայտնեց, յատկապէս հայաթափուած շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներուն գծով, պաշտպանելու համար զանոնք բարբարոսական արարքներէ, ու պահպանելով անոնց քրիստոնէական նկարագիրը:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ քննարկելու հրիտակուած, վերանորոգուող կամ շահարկման տրուելիք ազգային կալուածներուն առնչուած հրատապ խնդիրները:
Պետութեան բարձրաստիճան պատասխանատուն Իրանի պետութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերել հնարաւոր բոլոր միջոցներով, ու շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ Իրանի մէջ քրիստոնեայ հայ համայնքի զաւակները պետութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը վայելեն կրօնական ու ազգային առանձնաշնորհումներ, իբրեւ տիպար, գործունեայ եւ երկրի բարգաւաճման մէջ իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցող քաղաքացիներ:
Պետական պատուիրակութիւնը հիւրասիրուեցաւ Ս. Թադէի վանքին մէջ, սեղանակից դառնալով թեմակալ առաջնորդին եւ Ազգային իշխանութեան: