ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, Կիրակի, 5 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6ին, Անթուրայի Լազարիստ հայրերու Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ 300 հայ նահատակ որբերու յիշատակին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ:
Պատարագը մատուցեց Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, առընթերակայութեամբ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի: Ներկայ էին Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ Պօղոս եպս. Ռուհանա՝ պատրիարքական փոխանորդ Սարպայի թեմին եւ այլ եկեղեցականներ:
Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Վարդան Ադամեանը, Այնթուրայի քաղաքապետ Լապիպ Աքիքին, երեսփոխան զօրավար Միշէլ Աունի ներկայացուցիչ Րոժէ Ազաարը, երեսփոխան Ֆարիտ Էլիաս Խազենը, տոքթոր Եուսէֆ Խալիլը, Ապուտ եւ Ժոզէֆ Պօղոսը, որոնք յօրինած էին օրուան յատուկ երգին բառերը՝ «Ես եմ Եփրատը» խորագիրով:
Ս. պատարագին ընթացքին Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան վերյիշեց Անթուրայի որբանոցին մէջ թուրք օսմանցիներու ձեռքով թրքացման ենթարկուած եւ նահատակուած հայ մանուկները: Ան յայտնեց, որ կը վերապրինք այս ազգային, ընկերային եւ կրօնական յիշատակը բոլոր աշխարհին ցոյց տալու, թէ մենք հայերս եւ լիբանանցիներս չենք մոռնար այն բոլորը, զորս մեր նախահայրերը ապրեցան, տառապեցան եւ զոհուեցան յանուն բարոյական, մարդկային, ազգային եւ կրօնական արժէքներու: Ան նշեց, թէ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը կ՛ոգեկոչէ այս կրօնական յիշատակը նոյն ատեն վերյիշելու 1915ի Մեծ Եղեռնը եւ Լիբանանեան նահատակաց յիշատակը՝ 6 Մայիսին:
Պատարագի աւարտին հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններու պատանեկան եւ սկաուտական խումբերը շղթայ կազմեցին առաջնորդելու համար մեծ թիւով ներկայ ժողովուրդը դէպի հայ մանուկներու աճիւնները ամփոփող գերեզմանը եւ մեծ խաչքարը, զոր Խաչատուրեան եղբայրները կառուցած էին՝ ի յիշատակ նահատակներուն: Գերեզմաններուն վրայ կարմիր վարդ զետեղելէ ետք, հաւատացեալները հաւաքուեցան Ս. Յովէփ դպրոցի մայր հրապարակին վրայ, ուր Մեսրոպեան վարժարանի «Աւասի» մանկապատանեկան երգչախումբը ներկայացուց յաւուր պատշաճի երգեր, որոնց կանխեց ՀԿի շեփորախումբը՝ իր քայլարշաւով եւ հոգեւոր երգերով:
Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, որ մեկնաբանեց հայ նահատակներուն նուիրուած 2 արաբերէն երգեր՝ «Դուպաուիոն մըն շարգինա» եւ «Ես Եփրատն եմ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.