
ՊԱՂՏԱՏ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 26ին Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցանեց Պաղտատի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ։
Ս. պատարագին եւ յայտագիրին մասնակցեցան սարկաւագաց եւ «Զուարթնոց» դպրաց դասերը՝ ղեկավարութեամբ երաժիշտ Նուպար Բշտիկեանի ու երգեհոնի նուագակցութեամբ Շաղիկ Վարդանեանի: Ընդառաջելով սրբազան հօր հրաւէրին, յուշատօնի պատարագին ներկայ էին քաղդիացւոց եկեղեցապետ Լուիս ՌաՖայէլ Ա. Սագօ պատրիարքը եւ իր օգնական Շըլէյմուն Ուէրտունի եպիսկոպոսը, Պաղտատի սրիան կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ ԵուսուՖ եպս. Ապպա, Իրաքի մօտ Վատիկանի դեսպանատան քարտուղարը եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ Քանոն Անտրիւ Ուայըթ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպանորդ Ռուբէն Խարազեան, քրիստոնէից աւանդապահութեան նախարարը, Պաղտատի առաջնորդարանի եւ պաղտատահայ համայնքին մէջ գործող միութենական հաստատութեանց պատասխանատու մարմինները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Պատարագի աւարտին մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին եւ ապա յատուկ յայտագիր գործադրուեցաւ գրական-գեղարուեստական բնոյթով։
Հնչեցին ազգային երգեր եւ արտասանութիւններ։ Յուշատօնի աւարտին Աւագ սրբազան արտասանեց իր պատգամը, որ կը կրէր «Հայ Ժողովուրդի Անվեհեր Կեցուածքը» խորագիրը։
Յայտագրի աւարտին սրբազան հայրը ժողովուրդի մասնակցութեամբ թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ բակը գտնուող խաչքար-յուշարձանը, ուր համայնքին մէջ գործող զանազան կառոյցներ քահանայ հայրերու եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան գլխաւորութեամբ զետեղեցին ծաղկեպսակներ։
Յուշատօնը իր աւարտին հասաւ հայ սկաուտներուն երգած «Մեր Հայրենիք» քայլերգով։