18էն 80 տարեկաններու համար, Երեւանի մէջ մշակուած է հայերէն սորվեցնելու 14օրեայ ծրագիր մը, որուն մասնակցութեան սակը 700 բրիտանական փաունտով կը սկսի՝ իւրաքանչիւր շաբթուան համար, ներառեալ՝ դասաւանդութիւն, կեցութիւն, նախաճաշ եւ ճաշ: Մասնակիցները նաեւ պիտի այցելեն թանգարաններ ու ներկայ պիտի ըլլան համերգներու, իսկ յաւելեալ գումարով մը նաեւ առիթը պիտի ունենան Երեւանէն դուրս պտոյտներու մասնակցելու երեկոներուն կամ շաբաթավերջերուն: Յաջորդ դասաւանդումը պիտի սկսի Յուլիսի կիսուն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armeniancourses.org.uk կայքը կամ դիմել armeniancourse@yahoo.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.