
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երկուշաբթի, Յունիս 10ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Փասատինայի «Փարսընզ» շէնքին մէջ (100 W. Walnut Street, Pasadena, CA, 91124) տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄի Հայկական համացանցային համալսարանի ծանօթացման ձեռնարկ մը՝ կազմակերպութեամբ Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան: Ելոյթ պիտի ունենայ համալսարանի հիմնադիրն ու տնօրէնը՝ դոկտ. Երուանդ Զօրեան: Ներկայացման ընթացքին համացանցին միջոցաւ իրենց վկայութիւնները պիտի տան նաեւ համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողներ: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել՝ areg.gharabegian@parsons.com հասցէին: