Արեւելեան ԱՄՆի Համազգայինի 37րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 5ին Պոսթընի «Բաբգէն Սիւնի» ակումբի ժողովասրահին մէջ, մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ հիւրաբար հրաւիրուած ներկաներու:
Բանաւոր պատճառներով, բացակայ էին Ֆիլատելֆիոյ ներկայացուցիչները: Մնացեալ մասնաճիւղերը՝ Տիթրոյիթ, Շիքակօ, Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Փրովիտընս եւ հիւրնկալ Պոսթըն, ներկայ էին իրենց ներկայացուցիչներով: Կեդրոնական վարչութիւնը կը ներկայացնէր Վիգէն Եագուպեան:
Քննուեցաւ շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը, նաեւ կատարուեցան առաջարկներ: Ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն հետեւեալ կազմով՝ Տիգրան Գազանճեան (Ուաշինկթըն, ատենապետ), Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի, ատենադպիր), Արաքսի Խաչիկեան (Ուաշինկթըն, գանձապահ), Նարինէ Գրիգորեան (Շիքակօ, հաշուապահ), Ալին Պաղտասարեան (Ուաշինկթըն, փոխատենապետ), Արեւիկ Գաբրիէլեան (Նիւ Եորք, խորհրդական) եւ Մարթին Յարութիւնեան (Պոսթըն, խորհրդական): Նշենք թէ, այս առթիւ կատարուեցաւ համախմբումը, որուն ընթացքին յանձնուեցան մրցանակներ, կատարուեցաւ ճաշկերոյթ ընթրիք եւ համերգ, մասնակցութեամբ Աննա Մայիլեանի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.