
ԹԱՒՐԻԶ.- Ուսուցչաց տօնին առիթով, Թաւրիզի Հայոց «Թամարեան-Սահակեան» դպրոցին մէջ, Չորեքշաբթի, 8 Մայիսին տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ, գնահատելու համար դպրոցի հին եւ նոր ուսուցիչները:
Մտերմիկ հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներուն: Ներկայ էին նաեւ դպրոցի հոգաբարձութեան ու Ծնողական խորհուրդի անդամները:
Բարի գալստեան խօսքով, դպրոցի տնօրէնուհի Արմինէ Վահրամեան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը, յատկապէս շեշտելով ուսուցիչներու տօնին առիթով անոնց երախտագիտութիւն յայտնելու ազնիւ պարտաւորութիւնը: Ողջոյնի խօսքով Ծնողական խորհուրդի անունով հանդէս եկաւ նաեւ Անիթա Գէորգեան:
Հանգստեան կոչուած վաստակաւոր ուսուցիչներու անունով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Շահին Վարղաիեան, իսկ ներկայ ուսուցիչներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Շահնազ Ասպաղի, վերանորոգելով ուսուցիչներու նուիրական ուխտը՝ իրենց յանձնուած երեխաներու կրթա-դաստիարակչական աշխատանքը անմնացորդ սիրով կատարելու:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, թեմակալ առաջնորդը վեր առաւ ուսուցիչներու նուիրական պարտականութիւնը մարդակերտումի առաքելութեան մէջ. «Զուր տեղ չէ՛ որ ուսուցիչը կոչուած է «երկրորդ ծնող աշխարհում»: Անոր նուիրումի, զոհողութեան, ծնողական սիրոյ ու գուրգուրանքի արդիւնքէն կախեալ է ապագայ սերունդը՝ տիպար քաղաքացին, իսկ մեր ազգի պարագային՝ տիպար հայ մարդը»: Ան վերյիշեց բոլոր այն ուսուցիչները, որոնք իրենց վաստակով ծանրաբեռն ու խիղճով բաւարարուած, իրենց պարտականութիւնը կատարած են: Ան օրհնեց նաեւ յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք առյաւէտ բաժնուած են այս կեանքէն, ինչպէս վերջին բազմավաստակ ուսուցչուհին՝ Մարուսիա Վահրամեանը: Թեմակալ առաջնորդը գնահատեց նաեւ տնօրէնութիւնը՝ յատկապէս տնօրէնուհի Արմինէ Վահրամեանը, հոգաբարձութիւնը եւ Ծնողական խորհուրդի ժրաջան անդամները:
Այս առիթով, Ազգային իշխանութեան եւ դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ յուշանուէրներ եւ պարգեւներ յանձնուեցան բոլոր ուսուցիչներուն:
Long Live our schools and churches. Kudos to the headmistress and teachers who with their relentless efforts have been able to cultivate the best in our young students. Bravo!