ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի, Մայիս 14ին կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը սկսած է քննելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին նոր համանախագահ նշանակելու հարցը:
Այս մասին յայտարարութիւն մը կատարած է Կապալա այցելող Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթարը, ըստ որուն՝ ամերիկացի ներկայ համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքիի լիազօրութիւններու աւարտէն ետք, անոր պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս պիտի ստանձնէ ԵԱՀԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իան Քելին, մինչեւ նոր համանախագահի մը նշանակումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.