
ԳԱՄԻՇԼԻ, «Եռագոյն».- Մայիս 12ի երեկոյեան, Գամիշլիի մէջ զոհուած է 19ամեայ հայ գործունեայ երիտասարդ մը՝ Սագօ Մանուկեանը:
Հասարակական ցանցերով շր-ջանառուող այս ցաւալի լուրին մասին կան տարբեր վարկածներ, սակայն ամէնէն հաւանականը այն է, որ երիտասարդը զոհուած է իր զէնքը մաքրելու ընթացքին, սխալի պատճառով:
Երիտասարդին մահը ցնցած է ամբողջ համայնքը: