ԵՐԵՒԱՆ.– ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 8-9 Մայիսին Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու միջազգային միութեան Համաշխարհային խորհուրդի ժողովը:
ՀՅԴ Երիտասարդականը ժողովին կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչով՝ Սարինէ Աբրահամեան, Հոլանտայէն:
Խորհուրդի ժողովին կը մասնակցէին 57 երկիրներու ընկերվարական կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններ եւ երիտասարդական դաշտին մէջ աշխատող հասարակական կազմակերպութիւններ:
Ժողովը ունկնդրեց միութեան նախագահութեան նախորդ միամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական զեկուցումը:
Այնուհետեւ, ըստ օրակարգի, տեղի ունեցաւ քննարկում կանոնագրային որոշ կէտերու փոփոխութեան եւ անդամ միութիւններու կողմէ ներկայացուած բանաձեւերուն վերաբերեալ: Ընդունուեցան կարգ մը բանաձեւեր, ինչպէս՝ անհաւասարութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան, աւելի լաւ աշխարհ ստեղծելու նպատակով միջազգային համերաշխութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութեան եւ հարցերու մասին։
Խորհուրդի ժողովին յաջորդած երկու օրերուն ընթացքին՝ 10-11 Մայիսին Ֆրէյտենպաում զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ Աշխատաւորներու երիտասարդական փառատօն, զոր կազմակերպած էր Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան Երիտասարդական կազմակերպութիւնը (Jusos)՝ Գերմանիոյ ընկերվարական երիտասարդներ Ֆալկոններու համգործակցութեամբ: Փառատօնին կը մասնակցէին աւելի քան 3000 անձեր: ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը եւս մասնակցեցաւ փառատօնին: Երկու օրերու ընթացքին տեղի ունեցան աշխատանոցներ եւ քննարկումներ տարբեր հարցերու մասին՝ աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, բնապահպանութիւն եւ այլն։
Ընկերվարական երիտասարդներու Միջազգային միութիւնը (ԸԵՄՄ) (International Union of Socialist Youth) Ընկերվար-միջազգայնականին (Socialist International) ուղեկից միութիւն է: ԸԵՄՄին անդամ են 143 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական, աշխատաւորական եւ ուսանողական միութիւններ՝ 100 երկիրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը ԸԵՄՄի լիիրաւ անդամ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.