ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նախորդ տարուան Հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանը Օպամայի վարչակազմին հարցուցած էր, թէ արդեօք պէ՞տք է վերանայի Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանին որոշումը, որ չեղեալ համարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին կեանքի ապահովագրութեան հայցերու վաղեմութեան ժամկէտի երկարացման մասին Քալիֆորնիոյ օրէնքը (Բաժին 354.4):
Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան շահերը Գերագոյն դատարանին մէջ ներկայացնող գլխաւոր փաստաբանը նախորդ շաբաթ պատասխան ներկայացուցած էր դատարան: Ան կոչ ուղղած էր Գերագոյն դատարանին՝ չքննելու հայցը, եւ ուժի մէջ ձգելու 9րդ Շրջանային վերաքննիչ դատարանին որոշումը, ըստ որուն, Քալիֆորնիոյ օրէնքը «անթոյլատրելիօրէն» ոտնձգութիւն կատարած է դաշնակցային կառավարութեան արտաքին գործերու լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ:
Հաշուի առնելով նախագահ Օպամայի՝ Թուրքիոյ առջեւ խոնարհելուն տխրահռչակ համբաւը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերով, զարմանալի չէ, որ վարչակազմին միջնորդագիրը շատ աւելի զիջողական էր, քան այն հարցը, թէ արդեօք Գերագոյն դատարանը պէ՞տք է քննէ սոյն հայցը:
Միացեալ Նահանգներու փաստաբանը կատարեց հետեւեալ անհիմն պնդումները.
– Հակառակ հայ հայցուորներու պնդումներուն՝ «Քալիֆորնիոյ նահանգը չէ գործած իր աւանդական իրաւասութեան ծիրին մէջ», այսինքն՝ ապահովագրութեան կարգաւորման.
– Քալիֆորնիոյ օրէնքը «ոտնձգութիւն կը կատարէ դաշնակցային կառավարութեան արտաքին գործերու հիմնական լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ» եւ վճիռներ կը կայացնէ՝ «հիմնուած քաղաքական վիճելի հարցերու վրայ, որոնք Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած են գրեթէ մէկ դար առաջ».
– Այս օրէնքը, բացի պարզապէս միջամուխ ըլլալէ, «կը խանգարէ Թուրքիոյ հետ արտաքին յարաբերութիւնները»: Նախագահներ Պիլ Քլինթընը եւ Ճորճ Պուշ կրտսերը դէմ արտայայտուած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի բանաձեւերուն՝ պնդելով, որ նման քայլեր «կը վնասեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ջանքերուն».
– Բաժին 354.4ը «անթոյլատրելիօրէն ոտնձգութիւն կը կատարէ դաշնակցային կառավարութեան արտաքին գործերու լիազօրութիւններու» այն ասպարէզին մէջ, ուր Միացեալ Նահանգները «գործած են Ա. Համաշխարհային պատերազմին յաջորդած ժամանակաշրջանին ամերիկացի քաղաքացիներու որոշ հայցեր լուծելու համար»՝ Անգարայի համաձայնագիրի (25 Հոկտեմբեր 1934), Լօզանի Ամերիկեան դաշնագիրի (6 Օգոստոսի 1923) եւ Պերլինի դաշնագիրի ու պահանջներու համաձայնագիրի (10 Օգոստոս 1922) միջոցով:
Պարտաւոր ենք քանի մը հերքում ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու փաստաբանին սխալ եւ քաղաքական միտումներու վրայ հիմնուած պնդումներուն առնչութեամբ.
– Քալիֆորնիոյ օրէնքը ոտնձգութիւն չի կատարեր դաշնակցային կառավարութեան արտաքին գործերու լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ, քանի որ անիկա պարզապէս կը փորձէ կարգաւորել ապահովագրական ընկերութիւններու պարտաւորութիւնները, որոնք Քալիֆորնիոյ նահանգի իրաւասութեան ծիրին մաս կը կազմեն: Սոյն օրէնքը կարելիութիւն կու տայ ուղղելու պատմական սխալ մը՝ ստիպելով ապահովագրական ընկերութիւնները իրենց մահացած յաճախորդներու ժառանգներուն վճարելու ժամկէտանց գումարները:
– Սոյն գործով ամբաստանեալները գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններն են, ոչ թէ՝ Թուրքիան, հակառակ անոր որ վերջինս հակընդդէմ միջնորդագիր ներկայացուցած էր դատավարութեան: Յատկանշական է, որ Միացեալ Նահանգներու փաստաբանին միջնորդագիրը կը ցոլացնէ Թուրքիոյ արծարծած փաստարկները:
– Միացեալ Նահանգներու փաստաբանը ընտրողաբար կը յիշատակէ Քլինթընի եւ Պուշի վարչակազմերու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի բանաձեւերուն դէմ արտայայտուիլը՝ անտեսելով Միացեալ Նահանգներու աւելի վաղ տեսակէտները Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, ներառեալ՝ 1975 եւ 1984 թուականներուն Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուած երկու բանաձեւերը, 1981ի նախագահ Ռիկընի ընդունած նախագահական հռչակագիրը եւ 1951ի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուցած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող փաստաթուղթը:
– Միացեալ Նահանգներու փաստաբանի յիշատակած բոլոր երեք պայմանագիրները (համաձայնագիրները) առնչութիւն չունին սոյն հայցին հետ: Անգարայի համաձայնագիրը եւ Լօզանի Ամերիկեան դաշնագիրը կ՛առնչուին Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ ոչ թէ գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն:
Բացի ատկէ, Լօզանի Ամերիկեան դաշնագիրը, իբրեւ չվաւերացուած պայմանագիր, իրաւական ուժ չունի: Միացեալ Նահանգներու փաստաբանը ինքզինք կը հակասէ՝ ընդունելով, որ Քալիֆորնիոյ օրէնքը «յստակօրէն չի հակասեր Անգարայի համաձայնագիրին, Լօզանի Ամերիկեան դաշնագիրին կամ Պերլինի դաշնագիրին ու պահանջներու համաձայնագիրին, որոնք «կը քննարկեն միայն այն հայցերը, որոնք ներկայացուած են Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ համարուող անձերու կողմէ, այլ ոչ թէ անոնց, որոնք Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի դարձած են պատերազմի աւարտէն ետք»:
Միացեալ Նահանգներու փաստաբանի «իրաւական կարծիքը» իր բոլոր առումներով թերի ըլլալէ բացի, աւելի շատ քաղաքական յայտարարութիւն է, որ ամերիկեան քաղաքացիները կը զրկէ ապահովագրական հայցերով հանդէս գալու իրաւունքէն:
Կը մնայ միայն յուսալ, որ Գերագոյն դատարանը կ՛անտեսէ Միացեալ Նահանգներու փաստաբանին միջնորդագիրը եւ կը համաձայնի քննել գործը, սակայն այդ հաւանականութիւնը քիչ է, քանի որ Դատարանը կ՛ընդունի իրեն դիմած գործերու չնչին տոկոսը:
Եթէ չվիճարկուին Միացեալ Նահանգներու փաստաբանին չհիմնաւորուած փաստարկները, ապա անոնք կրնան շատ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ Ցեղասպանութեան առնչուած փոխհատուցումներու հետագայ բոլոր ջանքերուն վրայ, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախօրէին:
Ամերիկահայ համայնքի ղեկավարները պէտք է ձեռնարկեն բոլոր հնարաւոր միջոցներուն՝ Միացեալ Նահանգներու փաստաբանին քաղաքական միտումներ ունեցող փաստարկներուն հակազդելու համար՝ կասեցնելով բոլոր կապերը Օպամայի վարչակազմին հետ, բողոքի ցոյցեր կազմակերպելով նախագահական ելոյթներու ժամանակ, ձգտելով Քոնկրեսի միջամտութեամբ ստեղծել դաշնակցային յանձնաժողով Ցեղասպանութեան վնասներու փոխհատուցման համար՝ Ողջակիզման գոյքի հարցերով յանձնաժողովի նմանութեամբ, եւ փոփոխութիւն մտցնելով Քալիֆորնիոյ օրէնքի 354.4րդ բաժինին մէջ՝ շրջանցելու համար ներկայացուած առարկութիւնները, անկախ անկէ, թէ անոնք որքան անհիմն են: Նաեւ, Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ վերցնէ իր ստորագրութիւնը Հայ-թրքական արձանագրութիւններէն, որոնք իբրեւ պատրուակ բազմիցս կը յիշատակուին Սպիտակ տան եւ Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող ջանքերուն ընդդիմանալու համար, իբր թէ չխոչընդոտելու համար Հայաստան-Թուրքիա գոյութիւն չունեցող յարաբերութիւնները:
Այժմ ակնյայտ է, որ նախագահ Օպամայի կողմէ ոգեկոչման տարեկան ուղերձներու մէջ «Մեծ Եղեռն» եզրոյթի խաբուսիկ օգտագործումը ամենեւին ալ հաւասարազօր չէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման՝ ի հեճուկս որոշ միամիտ մարդոց ուրախ-զուարթ յայտարարութիւններուն:
Վերջապէս, ամերիկահայ համայնքը պէտք է վերանայի Ցեղասպանութեան ճանաչման իր ռազմավարութիւնը Քոնկրեսի բանաձեւերու միջոցով, որոնք ոչ միայն աւելորդ են, այլեւ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան, քանի որ այս անյաջող փորձերը կ՛ոտնահարեն նախապէս ընդունուած բանաձեւերը եւ կասկածի տակ կը դնեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու երկար ժամանակէ ի վեր որդեգրուած դիրքորոշումը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքը