ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ոեւէ հայրենադարձի հետ երբ զրուցելու առիթ ստեղծուի, անխուսափելիօրէն անոր բերանէն ահաւոր պատմութիւններ պիտի լսես, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան-հայրենիք ապրելու իր բոլոր օրերուն, ան խտրական, արհամարհական, նոյնիսկ թշնամական վերաբերմունքի արժանացած է իր հարեւաններուն, գործակիցներուն եւ պետական-կուսակցական շրջանակներուն կողմէ: Հայրենադարձները արտագաղթի մղելու գործօններուն մէջ վստահաբար այս վերաբերմունքը իր կարեւոր տեղը կը գրաւէ:
Հիմա ալ, կարծես, նոյն պատմութիւնը կը կրկնուի: Դարձեալ դառն ու նոյնիսկ դաժան փորձառութիւններու մասին կը լսենք, նոր հայրենադարձները դարձեալ կ՛ենթարկուին խտրական, արհամարհական վերաբերմունքի, ինչ որ շուտով կրնայ վերաճիլ թշնամականի: Գործարար, թէ տակաւին իր կեանքի ու ապրուստի պայմանները նոր դասաւորելու լծուած հայրենադարձներու տխուր պատմութիւնները, բերանացի կամ գրաւոր կերպով կը հասնին Սփիւռք՝ թունաւորելով արդէն իսկ նախապաշարումներով ու թիւրիմացութիւններով այլայլուած մեր պատկերացումները հայաստանցիներու հանդէպ. միւս կողմէ՝ հայաստանեան մամուլին մէջ կը կարդանք վկայութիւններ, որոնք իւղ կը թափեն միջ-հայկական յարաբերութիւններուն վրայ՝ ատելութեան ու թոյնի կաթիլներ սրսկելով հայրենի մեր ժողովուրդի ենթագիտակցութեան մէջ:
Այս սփիւռքահայերը՝ «աղբարները», կու գան, բնակարաններու արժէքները կը բարձրացնեն. նոր տուն առնող հայաստանցին ինչպէ՞ս կրնայ մրցիլ իրենց հետ. ասիկա՝ հարուստ հայրենադարձներու մասին:
Ես սուրիահայերուն բնակարան վարձու չեմ տար: Վաղը անկարող կ՛ըլլան վճարելու, եւ երբ ուզեմ դուրս հանել զիրենք՝ աղմուկ-աղաղակ, նախարարութիւններ, բարոյական ճնշում կը գործադրեն ու չեն թողուր, որ ի՛նչ որ պէտք է ընեմ. այս ալ՝ աղքատ հայրենադարձներու մասին:
Աւելի աւերիչ, աւելի թունաւոր պատմութիւններ կը շրջին. անոնց մասին չեմ ուզեր անդրադառնալ՝ չնպաստելու համար թոյնի տարածման:
Կ՛ուզեմ միայն հակաթոյն տարածել՝ յայտարարելով, որ հպարտ եմ, որ ունիմ անհամար հայաստանցի, սուրիահայ, լիբանանահայ, իրանահայ, իրաքահայ, ֆրանսահայ եւ բազում այլ տեղեր ապրող ընկերներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այնքա՛ն թանկագին է ինծի համար, անփոխարինելի, զիս հզօրացնող, ամրացնող, հարստացնող, ու որոնք հետս յարաբերելու ատեն նրբանկատ ըլլալու իսկ կարիք չունին, որովհետեւ անկեղծ է մեր փոխադարձ սէրը, յարգանքը:
Միացէք ինծի այս արշաւին մէջ եւ հպարտօրէն յայտարարեցէք ձեր ընկերական շրջանակին մէջ գտնուող այլա-հայերու մասին, գլուխ գովեցէք անոնց բազմաթիւ ըլլալուն համար:
ՈՉ ԱՅՍՕՐՈՒԱՅ ԵՒ ՈՉ ԱԼ ՍՊԱՍՈՒԻ ՎԷՐՋ ՏԱԼՈՒ ՎԷՐՋԻՆԻՆ,
ԱՅԼ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԵԱՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ Է ԵԹԷ
ՓՈԽՈՒՒԵԼՈՒ Է ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԺԱՄԱՆԱԿ (100-150 ՏԱՐԻ) ԱՅՍԻՆՔՆ 5-6 ՍԷՐՈՒՆԴԻ ՓՈՓԽՈՒԹԻՒՆ,ՅԱՆՁՆԵՆՔ ԳԱԼԻԿ
ՍԷՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ, ՄԵԶ ՀԱՄԱՐ ԲԱՐԻՆ ԼՌԵԼՆ Է ՄՕՏԵՆ ԾԱՆՕԹ ԵՆՔ ԵՐԵՎՈՒԹՆԵՐՈՒՆ ԱՄԷՆ։