ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի (ՀԵՀ) եւ «Լոյս» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ պիտի գործադրուի ծրագիր մը, որուն նպատակն է մարզերուն մէջ ապրող երիտասարդութեան հարցերը լուծել։
Մայիս 18ին ՀԵՀ Վայոց ձորի երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, որուն ընթացքին կեդրոնի կամաւորները «Լոյս» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն տեղեկացուցին, թէ մարզին մէջ երիտասարդները ի՛նչ հիմնախնդիրներ ունին: Անոնք յատուկ կերպով անդրադարձան երիտասարդներու աշխատանքի ապահովման, ժամանցի կազմակերպման, ընդհանուր ծրագիրներու իրականացման հարցերուն։
ՀԵՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգող Կարէն Աւագեան նշած է, որ ՀԵՀի մարզային կեդրոնները պիտի աշխուժացնեն երիտասարդական հիմնախնդիրներու լուծման նպաստելու համար «Լոյս» հիմնադրամի ծրագիրներով արտասահմանեան հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ կրթութիւն ստացած երիտասարդները, որոնք ամառնային արձակուրդներուն ընթացքին կամաւորաբար ծրագիրներ պիտի կատարեն գիւղերուն մէջ՝ ճշդելու, թէ ինչպէս կարելի է լուծել մարզի երիտասարդութեան հիմնախնդիրները: «Մենք «Լոյս»ի հետ զուգահեռ գործել ենք, եւ երբեւէ մեր ծրագրերը չեն խաչուել: Ուստի անհրաժեշտութիւն առաջացաւ օգտագործել «Լոյս»ի կարողականութիւնը ընդհանուր գործի մէջ, քանի որ ի վերջոյ նպատակն ու վերջնակէտը նոյնն է՝ զարգացած երիտասարդութիւն եւ զարգացած համայնք: Միւս կողմից էլ այն երիտասարդները, որոնք արտասահմանում կրթութիւն են ստացել, պիտի դառնան մեր շրջապատի մարդիկ: Այսպիսի ծրագրերը հնարաւորութիւն են տալիս, որ այդ երիտասարդները չկտրուեն մեր հասարակութիւնից: Այլ բան է նրանք գալիս են այստեղ՝ որպէս դիտորդ, մէկ այլ բան, երբ գալիս են որպէս մեզանից մէկը», ըսած է Կարէն Աւագեան:
«Լոյս» հիմնադրամի կրթական ծրագիրներու տնօրէն Ժագլին Կարաասլանեան իր կարգին առաջարկած է ՀԵՀին հետ գործադրել նախագիծ մը, որուն ծիրին մէջ երիտասարդները պիտի պատրաստեն վաւերագրական ժապաւէններ, որոնց միջոցով պիտի ներկայացուի Հայաստանի գիւղերու պատմութիւնը, աւանդութիւնները, հերոսները՝ ստեղծելով երիտասարդներու եւ աւագ սերունդի ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութիւն: Ժ. Կարաասլանեան նշած է, որ այսպիսի ծրագիրներ կը խթանեն արտասահմանեան հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ կրթութիւն ստացող երիտասարդներուն Հայաստան վերադարձը: Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստան կը վերադառնայ արտասահմանեան հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ ուսանած երիտասարդներուն 54 տոկոսը, որոնց մէջ նաեւ՝ Սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը: Ժ. Կարաասլանեան նաեւ յայտնած է, որ հայ երիտասարդներուն հայրենիք վերադարձը ապահովելու համար անհրաժեշտ է Հայաստանը ներկայացնել իբրեւ կարելիութիւններ ունեցող երկիր, որպէսզի մարդիկ գիտնան, թէ երբ գան Հայաստան իրենց գիտելիքները կրնան կիրառել եւ մասնակցիլ երկրի զարգացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.