
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նովոստի Արմէնիա».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի խումբ մը անդամներու հետ՝ յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի գլխաւորութեամբ։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցուած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուած են արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու խորհրդարաններու համագործակցութեան առնչուող կարգ մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ տուեալ մակարդակի վրայ կարելի է հասնիլ շօշափելի յաջողութիւններու՝ աւելցնելով, որ այս պարունակին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին հետ փոխգործակցութիւնը կը նկատէ պահանջուած ու կարեւոր:
«Երկուստեք նշուել է կապերի էլ աւելի ընդլայնման ու խորացման անհրաժեշտութիւնը, ինչի համար առկայ են բոլոր նախադրեալները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: