
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական թատրոնին մէջ 22 Մայիսին Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»ը առաջին անգամ ըլլալով բեմ պիտի բարձրացուի օփերայի ձեւով։ Երաժշտութեան հեղինակն ու բեմադրիչը Հրանտ Աղաջանեանն է: Հովանաւորներն են սփիւռքահայ բարերարներ Վահագն Յովնանեանն ու Ժան Վարդանը:
«Յակոբ Պարոնեանը դասական է, իսկ դասականները միշտ արդիական են», յայտնած է Հրանտ Աղաջանեան՝ աւելցնելով, որ ասիկա նաեւ առիթ է նշելու Յակոբ Պարոնեանի 170ամեայ յոբելեանը։
Պաղտասար աղբարի դերով հանդէս պիտի գայ հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Վանիկ Մկրտչեանը: Գլխաւոր հերոսուհին է երգչուհի Լեյլա Սարիբեկեանը։
«Մայրս կ՛ըսէր՝ եթէ քաղցր բան մը ունենաս, ճանճերը Պաղտատէն կու գան», նշած է սփիւռքահայ բարերար Վահագն Յովնանեանը՝ հաստատելով, որ ստեղծագործութիւնը պիտի գրաւէ շատերու սիրտը: