ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 19 Մայիսին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է ՀՅԴի կուսակցական խորհրդակցութիւն, Ստեփանակերտի «Պարկ Հոթել Արցախ» պանդոկին մէջ։
Խորհրդակցութեան մասնակցած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը, ՀՅԴ Արցախի Շրջանային կառոյցներու կոմիտէները, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դաշնակցական պետական պաշտօնեաները:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են ՀՅԴ Արցախի կառոյցի կազմակերպական կեանքին, շրջանային կառոյցներու, Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական կացութեան վերաբերեալ հարցեր:
Ելոյթ ունեցած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանը:
Քննարկուած են կուսակցութեան ներկայ ծրագրային դրոյթները, առաջարկներ ներկայացուած են յառաջիկայ աշխատանքներուն գծով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.