Փլովտիւի ՀԲԸՄի մասնաճիւղի Երիտասարդ արհեստավարժներու (AGBU YP) նախաձեռնութեամբ, Մայիս 19ին կազմակերպուեցաւ «Հայ գիրքի տօնավաճառ» մը, ուր ներկայացուած էին վերջին տարիներուն Պուլկարիոյ մէջ լոյս տեսած հայ հեղինակներու պուլկարերէն հրատարակութիւնները:
Ձեռնարկին ներկայ էին մեծ թիւով պաշտօնական հիւրեր, այդ ընթացքին Պուրկասի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ խմբավար եւ մեներգող Մերի Մովսիսեան ներկայացուց քանի մը հայկական շարականներ, իսկ Փլովտիւի Մալվինա Մանուկեանի անուան մանկական թատրոնի սաները, Վարդա Մարուքեանի գլխաւորութեամբ, ներկայացուցին հայ եւ պուլկար բանաստեղծներէն շարք մը ստեղծագործութիւններ:
Պուլկարիոյ մէջ հրատարակչական գործի մէջ մեծ դեր ունեցած է ՀԲԸՄ Փլովտիւի մասնաճիւղը, գլխաւորութեամբ հայ բարերար, մասնաճիւղի ատենապետ՝ Ռուբէն Չաւուշեանի, որ ջանք եւ միջոց չի խնայեր, որպէսզի հայ գրականութիւնը հասանելի դառնայ պուլկարախօս հասարակութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.