
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Հոկտեմբեր 14-15ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին կազմակերպութեամբ պիտի գումարուի եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը: Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին՝ Հայաստանէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ քաղաքագէտներ պիտի համատեղէ Պրիւքսէլի մէջ:
Առաջին նիստը, Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14ին պիտի գումարուի Պրիւքսէլի Հայ տան սրահին մէջ ու պիտի կեդրոնանայ Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք պիտի արծարծուին եւրոպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ինքնութեան, մշակոյթի եւ լեզուի հարցերուն կողքին, պիտի քննարկուին նաեւ քաղաքական հարցեր, ինչպիսին են՝ դէմ դնել Եւրոպայի մէջ թուրքեւազերի միացեալ ճակատին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած քաղաքական միջոցառումները, Ցեղասպանութիւններու ժխտման եւ ուրացման քրէականացում, միջազգային ճանաչում Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան եւ այլն: Առաջին այս բաժինին պատգամաբերները պիտի ըլլան զանազան ներկայացուցիչներ արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն:
Յաջորդ օրուան՝ Հոկտեմբեր 15ի, նիստը պիտի կայանայ Եւրոխորհրդարանին մէջ եւ պիտի կրէ խորհրդարանի մեծագոյն քաղաքական խումբին՝ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (European Peoples՛ Party, EPP) հովանաւորութիւնը: Առաջին օրակարգին նիւթը պիտի ըլլայ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Միջազգային Օրէնքը», որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Եւրոպական Միութեան կողմէ ցեղասպանութեանց ուրացման եւ կանխարգիլման հարցերը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան եւ անոր հետեւանքներուն հարցերը: Երկրորդ օրակարգին ընթացքին պիտի քննարկուին եւ որոնուին «Հարաւային Կովկասի համար նոր հեռանկարներ». այս միջոցին պիտի քննարկուին տարածաշրջանի զարգացման, Եւրոմիութիւն-Հայաստան մերձեցման եւ Արցախի հիմանահարցի կարգաւորման նիւթերը: Համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան բարձր մակարդակի աշխատակիցներ, Եւրոխորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոխորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ քաղաքական ոլորտի բոլոր խաւերէն, թէ՛ Եւրոմիութենէն, եւ թէ Հայաստանէն:
Այս օրերուն, երբ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները աւելի քան երբեք ջերմ են, ինչպէս նաեւ երկուստեք բարձրագոյն մակարդակի այցելութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը իր ներդրումը պիտի ունենայ այս յարաբերութեանց ա՛լ աւելի ամրապնդման մէջ՝ ցոյց տալով, թէ մեր ազգային հիմնախնդիրներուն կողքին, եւրոպական ծագումով հայ քաղաքացին անմասն չի մնար Եւրոմիութեան քաղաքական գործընթացէն եւ Հայաստանի Եւրոպական Միութեան չափանիշերու համարկումէն: