
ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Կիրակի, Մայիս 19ին, Հոգեգալստեան տօնին օրը, Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցին մեծ հանդիսութեամբ տօնախմբեց եկեղեցւոյ 36րդ տարեդարձը:
Օրուան Ս. պատարագը մատոյց Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, որ քարոզեց օրուան խորհուրդին մասին, ապա, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ, որպէս «Տարուան ծխական» պարգեւատրեց Քլոտիա Տէր Մարտիրոսեանն ու Անտրէ Շամմասեանը:
Ան նաեւ առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց տէր եւ տիկին Պրուս եւ Լիա Սանթուրեանները եւ Ճորճ Գիրազեանը: Արարողութեան հանդիսապետեց Վաչէ արք. Յովսէփեան, իսկ իր մասնակցութիւնը բերաւ ծուխի հոգեւոր հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Թաթուլեան:
Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: