
ԵԴԵՄ.- Եդեմի Ս. Աստուածածին Հայց. եկեղեցւոյ Հայկական ճաշերու տարեկան փառատօնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մայիս 16ին, Վայսիլիայի «Վեթերաններու» շէնքին մէջ, որ կը գտնուի Վայսիլիայի քաղաքամէջը:
Կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Ճիմ Սաքսմըն կը տեղեկացնէ, թէ ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուած է եւ կարելի եղած է մօտաւորապէս 1350 ճաշի պնակ (ճաշ եւ ընթրիք) ծախել ամբողջ օր մը տեւած փառատօնին ընթացքին, որուն կազմակերպման եւ իրականացման համար կամաւոր աշխատանք տարած են եկեղեցւոյ մօտաւորապէս 75 անդամներ: