
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Շաբաթ, Մայիս 18ի երեկոյեան, մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Պըրպենքի «Արպաթ» սրահին մէջ տեղի ունեցած առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի ու Պըրպենքի ծուխի տասնամեակի, ինչպէս նաեւ Պըրպենքի ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 5րդ տարեդարձի տօնախմբութեան, նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի: Հրաւիրուած էին նաեւ հոգեւորականներ:
Սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց ծուխին արձանագրած յաջողութիւններուն եւ աճման համար, ապա շնորհաւորանք յայտնեց Խաժակ քհնյ. Շահպազեանին եւ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Նորիկ Գրիգորեանին: Նոյնպէս, ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ճաշկերոյթի յանձնախումբի ատենապետ Անտրէ Շամալեանին եւ յանձնախումբի կազմին:
Ներկաները ստացան այս առթիւ պատրաստուած յիշատակի գրքոյկէն: Բոլորը վայելեցին համեղ ճաշերը, իսկ երեկոն իր երգերով խանդավառեց Էտվին Պետրոսեանը: