
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Շարժապատկերի նշանաւոր լեհ բեմադրիչ Քշիշտոֆ Զանուսսին Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկին եւ «Հայ արտ սինեմա»ի Շարժապատկերի բարձրագոյն դասարաններուն վարպետութեան երկօրեայ դասեր պիտի տայ։ Առաջինը տեղի ունեցաւ 6 Յունիսին:
Լեհ բեմադրիչը նշանաւոր է իր ժապաւէններով, ինչպէս նաեւ ստացած է տարբեր տեսակի միջազգային մետալներ եւ մրցանակներ։