5 Յունիսին Մինսկի մէջ (Պելոռուս) սկսած ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Քննարկումի առարկայ պիտի ըլլան ԱՊՀ շրջանակներուն մէջ ռազմական համագործակցութեան զարգացման վերաբերող քսանէ աւելի հարցեր:
Այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ իր գործընկերներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.