ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Արմաւիրի մարզի կարկտահարութեան պատճառով տուժած 1600 ընտանիքներուն պիտի յատկացուի դրամական օգնութիւն՝ 50 հազար դրամի չափով: Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Հայաստանի կառավարութեան նիստին այս յայտարարութիւնը կատարեց եւ աւելցուց, որ օգնութիւն ստացող ընտանիքներուն ցանկերը պիտի կցուին գիւղապետարաններուն շէնքին:
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն ընթացիկ տարուան ինը ամիսներուն Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան պիտի յատկացուի 80 միլիոն դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.