ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Դիլիջանի միջազգային դպրոցը (DIS) 2014 թուականի Սեպտեմբերին պիտի սկսի աշակերտներ ընդունելի։ Դպրոցը նախատեսուած է 650 աշակերտներու եւ 60 ուսուցիչներու համար: 6 Յունիսին Հայաստանի նախագահը այցելեց դպրոց՝ ընթացող շինարարական աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս դպրոցի նախագիծի հիմնադիրը, Ռուսիան ներկայացնող Ռուբէն Վարդանեանը դիտել տուած է, որ Դիլիջանի մէջ կառուցուող միջազգային դպրոցը պիտի հանդիսանայ իր տեսակին եւ տարողութեան առումով բացառիկ կառոյց:
«Այսօրուայ դրութեամբ շինարարութիւնն իր իրականացման կիզակէտում է: Մինչ այժմ 20 միլիոն դոլար է ներդրուել շինարարութեան մէջ, ընդհանուր ներդրուող գումարը կանխատեսւում է, որ կը կազմի 150 միլիոն դոլար», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ կեդրոնը կը յաւակնի դառնալ միակը ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ տարածաշրջանին մէջ:
«Մեր նպատակն է, որ մեր երեխաները հնարաւորութիւն ունենան ոչ միայն Թաիլանդի կամ Անգլիայի լաւագոյն բուհերում կրթութիւն ստանալ, այլեւ՝ Հայաստանում», նշած է Վարդանեան:
Ան բացատրած է, որ դպրոցին մէջ ուսում ստանալը մէկ տարուան համար պիտի արժէ 30 հազար տոլար, բայց տաղանդաւոր երեխաներուն համար տարբեր անհատներուն եւ մասնաւոր կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ պիտի տրամադրուին յատուկ կրթաթոշակներ:
«Մեր նախագծում հիմնական շեշտադրութիւնը դրուած է նրա վրայ, որ այն ամէն առումով լինի դիլիջանեան կանաչ մթնոլորտում, չվնասի տեղի գեղեցիկ բնութիւնը: Հիմնականում բոլոր շինարարական լուծումներն արուած են այնպէս, որպէսզի գերազանցապէս կիրառուեն կանաչ տարածքներ, կանաչ պատեր», յայտնած է «Tim Flynn Architecters» ընկերութեան ճարտարապետ Լալա Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ շէնքերուն տանիքները օրինակ ծածկուած են կանաչ մարգագետիններով։
Շինարարական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են շուրջ 500 շինարարներ, որոնցմէ 100ը Դիլիջանէն եւ յարակից շրջաններէն: Ճարտարապետը հաստատած է, որ շինարարութեան համար կ՛օգտագործուին նորագոյն նիւթեր եւ սարքաւորումներ, որոնց մեծ մասը նախապէս Հայաստանի մէջ չեն գործածուած:
Դպրոցին մէջ աշխատելու համար արդէն դիմումներ ուղղուած են տարբեր երկիրներու, որպէսզի ուսուցիչները միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող ըլլան:
Դիլիջանի միջազգային դպրոցը, ուր պիտի դասաւանդեն միջազգային փորձառութիւն ունեցող դասախօսներ եւ փորձագէտներ, նախատեսուած է 13-18 տարեկան 650 աշակերտի համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.