ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստան պիտի որդեգրէ հանգրուանային տարբերակով օդային փոխադրութիւններու ազատականացման քաղաքականութիւն, որուն վերաբերող ռազմավարութիւնը ընդունուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան նիստին։ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը նշած է, որ այս ոլորտին մէջ Հայաստան պիտի ունենայ առնուազն 3 հայկական օդանաւային ընկերութիւններ, որոնք պիտի ընտրուին մրցումի ընդմէջէն։
Հայաստանի քաղաւիացիայի գլխաւոր վարչութեան պետ Արտեոմ Մովսէսեան դիտել տուած է, որ այս որոշումը տրուած է նկատի ունենալով ազգային փոխադրողի, ազատականացման, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան եւ տնտեսութեան վրայ ներգործութիւն ունենալու տարբերակներուն մէջ առկայ դրական եւ բացասական հաւանական հետեւանքները: «Կարծում ենք՝ բաց երկնքի քաղաքականութիւնը, որն այսօր արդէն իրականացնում է Հայաստանի կառավարութիւնը, մեր երկրի տնտեսութեան, մրցակցութեան ապահովման, ծառայութիւնների մատուցման հարցերում կ՛ունենայ դրական ազդեցութիւն: Միաժամանակ, պետութիւնը որեւէ աւիաընկերութեան նկատմամբ հովանաւորչական պարտաւորութիւններ չի ստանձնելու», յայտնած է Մովսիսեան:
Անոր համաձայն, կը նախատեսուի ազատականացնել նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ օդային փոխադրումները: Մովսիսեան դիտել տուած է. «Օդուղիներն աւիաընկերութիւններին տրամադրուելու են մրցոյթներով, հնարաւոր է՝ նոյն օդուղու վրայ աշխատի նաեւ երկու աւիաընկերութիւն»:
Ան նաեւ դիտել տուած է, որ հայկական օդանաւային ընկերութիւնները, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալին, հիմնականօրէն պիտի օգտուին «Արմաւիա»ի մարդուժէն, որ ունի մեծ փորձառութիւն եւ ներուժ:
«Արմաւիա» ընկերութիւնը յայտարարած էր իր սնանկութեան մասին եւ ներկայիս կը փոխհատուցէ չկայացած թռիչքներուն տոմսերուն գիները: Ընկերութիւնը տակաւին դատարան չէ ներկայացուցած իր սնանկացման առնչուած փաստաթուղթերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.