ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 7ին հաղորդեց, թէ Մայիս ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը 7.6 տոկոսի բարձրացած է, մինչ տնտեսութիւնը 175,000 նոր աշխատատեղի կրցած է գոյացնել: Ապրիլին անգործութեան համեմատութիւնը 7.5 տոկոս էր:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, թէ նախորդ շաբթուան ընթացքին անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու համար առաջին դիմումը կատարողներուն թիւը 11,000ով նուազած է՝ հասնելով 346,000ի, սակայն այս տուեալին չորս շաբաթեայ միջինը բարձրացած էր 4500ով՝ հասնելով 348,000ի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.