ԹԱՒՐԻԶ.- Ատրպատականի Հայոց թեմի անշարժ հարստութեան ու նախնիներու ժառանգութեան ընդհանուր իրավիճակի քննարկումէն ի յայտ կու գայ, որ այսօրուան դրութեամբ, Ատրպատականի Հայոց Թեմի տարածքին գտնուող եկեղեցիներէն միայն ոմանք ամբողջովին վերանորոգուած են, ուրիշներ մասամբ միայն, ոմանք վերանորոգութեան ընթացքի մէջ են, ուրիշներ խոնարհած, իսկ ոմանք ամբողջովին քանդուած ու լքուած:
Բնական աղէտներ՝ երկրաշարժ, յորդառատ անձրեւներ, հողաշէն փխրուն պատերու բնական փլուզում եւ փայտաշէն տանիքներու գերաններուն փտումին հետեւանքով կքում, երբեմն պատճառ դարձած են որոշ եկեղեցիներու խոնարհումին: Կարելի չէ՛ անտեսել նաեւ կործանարար ձեռքերու կատարած դիտումնաւոր եւ նպատակադրուած քանդումներուն ծրագիրը, որ կը գործադրուի յատկապէս հայաթափուած գիւղերուն մէջ, հեռու Պետական Հնապահպանման հիմնարկի հսկող աչքերէն եւ Ազգային առաջնորդարանի տեսողութենէն, աշխարհագրական հեռաւորութեան եւ մարդոյժի պակասին հետեւանքով:
Այս տեսակի եկեղեցիներէն է Խոյ գաւառի Փեսայ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ 18րդ դարու կառոյց:
Այստեղ այցելեց Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Չորեքշաբթի, 5 Յունիսի առաւօտուն: Թեմակալ առաջնորդի տեղագրութիւնը ստորեւ.
«Թաւրիզէն 158 քիլոմեթր դէպի հիւսիս, Խոյ գաւառի Փեսայ գիւղը հասանք, մեր ցուցակներու հիման վրայ տեսնելու Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Մահուան սնարին մօտ հասնող հոգեւորականի նման, որ վերջի թոշակը պիտի տայ հիւանդին, հոգեվարքի մէջ գտանք Փեսայ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին…:
Նախ, դէպի գիւղ մուտքի ճամբան լայնցուած ըլլալով, եկեղեցւոյ հարաւային կողմի վերջնամասէն շուրջ 6 մեթրի հողամաս ճամբու տակ մնացած էր: Հիւսիսային կողմէն ալ, դէպի կողքի գիւղը բացուած ճամբուն բերումով, եկեղեցին մնացած էր երկու փողոցներուն մէջտեղ: Արեւելեան կողմէն ալ հողէ անցք բացուած ըլլալով, եռանկիւն մասի մէջ կղզիացած է յիշեալ եկեղեցւոյ աւերակոյտը: Գիւղացիները ծանօթ չէին այդ կառոյցի իսկութեան, այլապէս ատոր հայկական անցեալ ունեցած ըլլալու մասին ծանօթանալը, մի գուցէ պատճառ դառնար, այդ աւերակոյտին ալ անհետացման…:
Գետնէն մինչեւ երկու մեթր, քարաշէն կառոյց ունի եկեղեցին, բաւականաչափ յղկուած քարերով, որոնք կ՛երեւին Արեւելեան պատի դուրսի կողմէն, որ եկեղեցիէն մնացած ամէնէն բարձր պատն է՝ շուրջ երեք մեթր բարձրութեամբ: Քարերէն ետք աղիւսով շարունակուած է կառոյցը, յատկապէս խորանին վերի կիսակամարը կազմելու համար:
Եկեղեցւոյ ընդհանուր տարածութիւնը 10×6 պէտք է եղած ըլլայ, հետեւելով յատակագիծին վրայ երեւցող քարերէն, յատկապէս Արեւմտեան կողմը, ուր եւ պէտք է գտնուած ըլլար մայր մուտքը: Արեւելեան հատուածին մէկ մասը աւելի կանգուն մնացած ըլլալով, ներսէն կարելի է տեսնել խորանի ձախակողմեան խորշը, ուր կը դրուի գինին ու նշխարհը: Խորշին վերի մասը, քառակուսի յղկուած գերանի կտոր ամրացուած է, վերի աղիւսներուն ծանրութիւնը պահելու համար:
Տանիքին հողը այնքան թափուած է ու ներսը լեցուցած, որ գետնի բարձրութիւնը հասած է մինչեւ սոյն խորշի յատակին: Ատոր ետեւի կողմը, ձախակողմեան աւանդատան մէկ պատը կանգուն մնացած ըլլալով, կարելի է ենթադրել, թէ զոյգ աւանդատուները խորանի մասէն բաժնուած էին շուրջ մէկ մեթր լայնք ունեցող պատով: Իսկ դասի շուրթին, ուրկէ ատեանը կը բացուի, եղած են երկու հաստ աղիւսակերտ սիւներ, որոնք դասի մուտքը նեղցուցած են, հազիւ երկու հոգիի անցք թողելով: Կողքի պատերուն վրայ բարձրացող աղիւսներու կոր շարուածքէն ենթադրելով, դասին այս մուտքին վերը կամարաձեւ պէտք է եղած ըլլայ, նմանելով խորանի կիսակամարին:
Հիւսիսային պատին վրայ մեծ փոս բացուած է, որ բնական քանդումէ աւելի գանձ փնտռելու յատուկ աշխատանքի տպաւորութիւն կը թողու նայողին վրայ: Այստեղէն կÿերեւի եկեղեցւոյ պատերուն մի քանի շարք աղիւսներով հիւսուած ըլլալը, տոկուն կառոյց ունենալու ճարտարապետական նկատումներով: Եկեղեցին ներսէն ծեփուած է եղած, սակայն տանիքի չգոյութեան բերումով կիրի սպիտակութիւնը չքացած է, տեղացող անձրեւներու պատճառով:
Վերջին աղօթք մրմնջալով այս եկեղեցւոյ աւերակներուն մօտ, վերջին հաղորդութիւն տուած եղանք անոր, մեր հերթին մենք ալ ստանալով այդ սրբավայրին աստուածային վերջի օրհնութիւնը…»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.