ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, սուրիական ընդդիմութիւնը պատասխանատու նկատեց Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ 2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարման ուշացման համար: Ան յայտնեց, որ «ամերիկացի պաշտօնատարները կը խոստովանին, որ (սուրիական ընդդիմադիր) Ազգային համաձայնական մարմինը, որուն վրայ արտաքին հովանաւորները մեծ գումարներ կը ծախսեն, ոչ միայն պատրաստ չէ բանակցութեանց, այլեւ չի կրնար իր ներկայացուցիչները ընտրել»:
Ռուսիոյ նախագահի միջինարեւելեան պատուիրակ եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով զգուշացուց, որ «եթէ «Ժընեւ 2»ն ձախողի, միակ ընտրանքը Սուրիան ամբողջովին քանդելը պիտի ըլլայ, ինչ որ մերժելի է»: Ան աւելցուց, որ երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելը ՄԱԿի ուխտի սկզբունքներէն է, «եւ պէտք է այդ սկզբունքը յարգենք»: Սուրիոյ մէջ «Հըզպալլա»ի միջամտութեան հարցով, Պոկտանով նշեց. «Երբ «Հըզպալլա»ի պատասխանատուներուն հետ հանդիպում ունեցանք, ինծի բացատրեցին եւ անոնցմէ հասկցանք, որ անոնք պարզապէս հակազդած են անոնց, որոնք չմիջամտելու խոստումը չյարգելով՝ դրացի երկիրներու ճամբով սուրիական գերիշխանութիւնը խզած են»:
Պոկտանով ըսաւ, որ «մենք յստակ կերպով Իրանի, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ՝ «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան օգտին կ՛արտայայտուինք, եւ աշխատանքային խմբակի ժողովին այդ երկու երկիրներուն ներկայ չգտնուիլը սխալ կը նկատենք, որովհետեւ սուրիական թղթածրարին մէջ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր կողմերը պէտք է մասնակցին, հակառակ դրական կամ ժխտական դերակատարութեան մասին խօսքերուն, որովհետեւ, ի վերջոյ, մեզմէ իւրաքանչիւրը հարցը իր տեսանկիւնէն կը դիտէ»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու զգուշացուց, որ «Սուրիայէն «Հըզպալլա»ին արդիական զէնքերու փոխադրութեան գործողութեանց ընդլայնումը կրնայ շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխել», աւելցնելով, որ «Իսրայէլ իր կարելին պիտի ընէ «Հըզպալլա»ին այդ զէնքերուն փոխանցումը արգիլելու համար»:
Ան նաեւ նշեց, որ Սուրիա-Իսրայէլ սահմանին հանդարտութիւնը, «որ քառասուն տարի տեւեց, թերեւս վերջ գտած է»:
Իսրայէլի տեղեկահաւաքի նախարար Եովալ Շթայնիթ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ երկու տարիէ ի վեր տիրող տագնապին յաղթական կողմը կրնայ «Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի աջակցութիւնը վայելող (նախագահ Պաշշար) Ասատը ըլլալ»:
Միւս կողմէ, Յունիս 11ին, Դամասկոսի «Մարժէ» հրապարակին վրայ երկու անձեր անձնասպանական գործողութիւն մը կատարելով՝ 14 զոհ, 31 վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ պատճառեցին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.