ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ըստ ատրպէյճանական զինուորական աղբիւրներու՝ Ատրպէյճան, Յունիս 26ին կայանալիք ռազմական փառատօնի մը ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրէ Ռուսիայէն իր նոր գնած «Թի. 90S» տիպի արդիական հրասայլերը: Նաեւ, իսրայէլեան ընկերութիւն մը արդիականացուցած է ատրպէյճանական բանակի «Թի. 72 SIM» տիպի հրասայլերը, որոնք «Ասլան» վերամկրտուած են Ատրպէյճանի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.