ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 12ին, մինչ աշխարհի տարածքէն զսպուածութեան կոչ կ՛ըլլար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, իբրեւ ցուցարարներու ներկայացուցիչ համարուող խումբին հետ իր հանդիպումէն անմիջապէս ետք, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան սպառնաց «24 ժամ»էն վերջ տալ վերջին երկու շաբաթներուն երկիրը քաոսային վիճակի մատնած բողոքի ցոյցերուն՝ աւելցնելով, թէ այդ նպատակով արդէն իսկ հրահանգներ տուած է ներքին գործոց նախարարութեան:
Էրտողանի այս կոչը խոտոր կը համեմատի քանի մը ժամ առաջ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելի կողմէ Էրտողանի ուղղուած կոչին: «Կ՛ակնկալենք, որ վարչպետ Էրտողան լարուածութիւնը մեղմացնող քայլերու դիմէ՝ եւրոպական արժէքներու ոգիով, կարծիքներու շինիչ եւ խաղաղ փոխանակում ապահովելով», ըսած էր Գերմանիոյ նախարարը:
Էրտողան նաեւ զգուշացուց, որ այսուհետեւ ցոյցերը պիտի չհանդուրժէ եւ աւելցուց, թէ ցոյցերու այս ալիքը Թուրքիոյ վարկին եւ տնտեսութեան վնասելու դաւադրութեան մաս կը կազմէ: «Անոնք կ՛ըսեն, թէ վարչապետը կարծր է: Ի՞նչ պիտի պատահէր, ասոնց առջեւ ծունկի՞ պիտի գայինք: Եթէ ասիկա կարծրութիւն կը կոչէք, կը ներէք, սակայն այս Թայիփ Էրտողանը պիտի չփոխուի», ըսած էր Էրտողան Երեքշաբթի օր իր երեսփոխաններուն առջեւ ունեցած ելոյթին ընթացքին:
Յատկանշական է, որ Պոլսոյ կառավարիչ Հիւսէյն Մութլու Երեքշաբթի յայտարարած էր, թէ ոստիկանութիւնը «Կեզի» այգիի ցուցարարները ցրուելու որեւէ նպատակ չունի:
Միւս կողմէ, Պոլսոյ մէջ 50 փաստաբաններ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցան, Թաքսիմի ցոյցերուն միանալու անոնց որոշումին պատճառով: Ասիկա 3րդ անգամն է, երբ փաստաբաններ ցոյցերուն զօրակցելու համար կը ձերբակալուին: Նշենք, որ ցոյցերուն սկիզբէն ի վեր 3 զոհ եւ հազարաւոր վիրաւոր արձանագրուած է:
Նաեւ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ վաւերացուցած է թրքական որոշ շրջանակներու համար վիճայարոյց այն օրէնքը, որ կը սահմանափակէ ոգելից ըմպելիներու վաճառքը եւ ծանուցումները կ՛արգիլէ: Այսուհետեւ, գիշերուան ժամը 10էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6, ոգելից ըմպելիներու վաճառքը արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ: Բացառութիւն են թրքական ոգելից ըմպելիներու շուկայացման նպատակով միջազգային փառատօներու ընթացքին կատարուած ծանուցումները: Նշենք, որ վիճայարոյց օրէնքը երկիրին մէջ ծագած բողոքի ցոյցերուն պատճառներէն մէկը կը նկատուի:
«ԹԱՔՍԻՄԻ ԶՕՐԱԿԻՑՆԵՐ»ՈՒ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անոնք, որոնք իրենք զիրենք «Թաքսիմի զօրակիցներ» կոչած են, Երեքշաբթի օր հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով՝ պնդեցին, թէ Երեքշաբթի օրուան ծանր բախումներուն պատճառ դարձած գրգռութիւնները ոստիկանութեան կողմէ համբակօրէն գործադրուած միջամտութիւնն էր: Երբ միջամտութիւնը չէր յաջողած, ոստիկանները սկսած էին արցունքաբեր ռումբեր գործածելու: Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է. «Թաքսիմի հրապարակին վրայ ու «Կեզի» այգիին մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներն ու զաւակները այս յարձակումներուն դիմաց իրենց պատիւը պաշտպանելու համար մահուան վտանգն իսկ աչք առած են ու կը շարունակեն դիմադրել»։
Հոն նաեւ կոչ կ՛ըլլայ ամբողջ աշխարհին, որ հակազդեցութիւն ցոյց տայ ու վերջ տրուի ոստիկանական բռնարարաքներուն։