ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ազգային Ընդհանուր Ժողովին (Չորեքշաբթի, 12 Յունիս) Արամ Ա. ուղղեց իր խօսքը, որմէ կը ներկայացնենք հետեւեալ բաժինը.

Մեր ազգային պահանջատիրութիւնը, Ցեղասպանութեան ճանաչումով ու մեր մարդկային ու ազգային իրաւունքներու հատուցումով, եղաւ զօրեղ կռուաններէն մէկը Սփիւռքի ամբողջականութեան պահպանման, անոր գոյատեւման ու հզօրացման: Ո՛չ մէկ ընկրկում ու նահանջ ներելի է մեր պահանջատիրութեան նկատմամբ: Սփիւռքը իր ամուր վճռակամութեան փաստը տուած է ու միշտ պատրաստ է տալու:
Ազգովին կը պատրաստուինք նշելու 20րդ դարու մարդկային առաջին հաւաքական ոճիրին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Ընթացիկ ամեակ մը չէ որ պիտի նշենք: Հետեւաբար, սովորական մօտեցումներով պէտք չէ կազմակերպենք այս վճռադրոշմ հանգրուանը մեր ժամանակակից պատմութեան: Աշխարհաքաղաքական տարբեր պայմաններով ու շահերով յատկանշուող ներկայ աշխարհին մէջ, 100ամեակի կազմակերպումը մարտավարական ու ռազմավարական նոր մօտեցում կը պահանջէ:
Առաջին հերթին, անհրաժեշտ է միասնական ոգիով ու միակամ կեցուածքով աշխարհին ներկայանալ: Հո՛ս է մեր հաւաքական ուժին աղբիւրը: Ցեղասպան թուրքը պէտք է գիտնայ, որ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս առկայ տարբերութիւնները կը չքանան համահայկական կշիռք, իմաստ ու նպատակ ունեցող հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց եւ թէ՝ ինք միշտ պիտի ձախողի՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի երբեմն տարբեր շեշտաւորումները բաժանարար որակումներով ներկայացնելու իր ճիգին մէջ: Միջազգային համայնքը նաեւ պէտք է իմանայ, թէ՝ ամբո՛ղջ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, նո՛յն ու անխախտ կեցուածքը ունի Ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Երկրորդ, նաեւ հրամայական է որ մենք առաւե՛լ վճռակամութեամբ կառչած մնանք մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան: Տասնամեակներ շարունակ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման պայքարին մէջ շեշտեցինք Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ժամանակը հասած է, որ առանց անտեսելու ցեղասպանութեան ճանաչման հիմնահարցը, յատուկ կարեւորութիւն ընծայենք Ցեղասպանութեան հատուցման՝ ճանաչումը ու հատուցումը նկատելով զիրար լրացնող մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն: Այս մօտեցումով անցեալ տարի նոյն այս սրահին մէջ կազմակերպեցինք միջազգային համագումար մը, միջազգային օրէնքի մասնագէտներու ու դատաւորներու մասնակցութեամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ այս գործընթացը: Արդ, այլեւս աւանդական ձեռնարկներու ծիրէն ներս պէտք չէ սահմանափակենք մեր աշխատանքը: Հարկ է լրջօրէն նկատի ունենալ միջազգային համայնքէն ներս ցեղասպանին ներկայ դիրքը, ցեղասպանութիւնը ժխտող իր լայնածաւալ ու հետեւողական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մեզ շրջապատող կրօնաքաղաքական պայմանները: Եւ աւելի՛ն, անհրաժեշտ է մեր պահանջատիրութիւնը լսելի դարձնել իրաւական ու քաղաքական այնպիսի միջոցներով, որոնք համահունչ են միջազգային օրէնքներուն ու մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական շահերուն:
Երրորդ, ինչպէս Երեւանի մէջ 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովի նիստին ըսինք՝ յիշելը, յիշեցնելը ու պահանջելը պէտք է դառնան մղիչ ուժը Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով կազմակերպուելիք բոլոր աշխատանքներուն: Հայաստանը, որպէս պետութիւն, եւ Սփիւռքը, որպէս Ցեղասպանութեան հետեւանքով սփիւռքացած ժողովուրդ, բնականաբար տարբեր շեշտով ու ոճով հարկ է որ արժեւորեն այս անկիւնադարձային հանգրուանը մեր պատմութեան: Սակայն, անհրաժեշտ է որ Հայաստան ու Սփիւռք պատմական, իրաւական ու պահանջատիրական նո՛յն ենթահողին վրայ կանգնած նո՛յն ուղղուածութեան մէջ ըլլան՝ ներքին ներդաշնակութիւն յառաջացնելով իրենց երբեմն տարբեր շեշտաւորումներուն միջեւ: Այս բոլորէն առաջ ու վեր, մեր սպասումն է որ 100ամեակի առիթով Հայաստանի պետութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջով դիմէ Միջազգային արդարութեան ատեան (International Court of Justice): Նման քայլ մը վստահաբար կարեւոր նուաճում մը պիտի ըլլայ մեր պահանջատիրական պայքարին մէջ:
Ցեղասպանութիւնը ապրած եւ իր կաթողիկոսական կայքէն աքսորուած ծերունազարդ Սահակ Կաթողիկոս հայ ժողովուրդի կեանքին ամէնէն ողբերգական պայմաններուն մէջ իր պահանջատիրական ձայնը բարձրացուց: Նոյնը կատարեցին իրեն յաջորդող մեր հայրապետները: Նոյնը պիտի շարունակենք կատարել մե՛նք՝ յանուն իրաւազրկուած մեր ժողովուրդին ու իր սրբազան դատին:
Իր ժողովուրդի մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, պայքարին ու պահանջատիրութեան հետ ինքզինք նոյնացուցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ մնալ՝ վերանորոգ հաւատքով, նուիրումով ու տեսիլքով,
Հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու աննկուն առաքեալը.
Համահայկական մտածողութեան առաջընթաց ջահակիրը.
Ազգային միասնականութեան ջերմ ջատագովը.
Իր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն քաջ պաշտպանը:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ