
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի 5-8րդ դասարաններու աշակերտները՝ բաժնուած վեց խմբակներու, Ուրբաթ, Մայիս 24ին մասնակցեցան հայոց պատմութեան նուիրուած զարգացման մրցումին, որ պատրաստուած էր ուսուցչուհի Կարինէ Փանոսեանին կողմէ:
Մրցումին ընթացքին, աշակերտներուն պատասխանները ստուգեցին վարժարանի նախկին տնօրէն Երան Կարապետեան, ինչպէս նաեւ Հելէն Պուրսալեան ու Մարօ Տէմիրճեան:
Մէկ ժամ տեւած մրցումէն յաղթական դուրս եկաւ «Արմաւիր» խումբը, որուն մաս կը կազմէին Ռուբինա Կարապետեան (8րդ դասարան), Սքարլեթ Չալան (8րդ), Դալար Արզումանեան (7րդ), Արմէն Տէմիրճեան (6րդ) եւ Սարա Քոլոյեան:
Բոլոր մասնակիցները ստացան Հայաստանի մէջ յատկապէս վարժարանին համար պատրաստուած էջացոյցեր, որոնք նուիրուած էին Անի Այանեանի կողմէ:
Մրցումին աւարտին, մանկապարտէզէն մինչեւ 4րդ դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ գործադրուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 95րդ տարեդարձին նուիրուած յատուկ յայտագիր մը: