ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտները առիթը ունեցան այցելելու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն՝ մօտէն ծանօթանալով Սպիտակ տան, Լինքընի յուշարձանին, Քոնկրեսի շէնքերուն, ինչպէս նաեւ՝ Վըրճինիա նահանգը գտնուող պատմական Ուիլեըմզպըրկ քաղաքն ու այլ պատմական վայրեր, որոնց մասին սորված են իրենց ընկերային ուսմանց դասերուն ընդմէջէն:
Աշակերտները նաեւ պատիւը ունեցած են հանդիում մը ունենալու ամերիկահայ քոնկրեսական Ճեքի Սփիրի հետ եւ այցելած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին գրասենեակը՝ հիւրընկալուելով գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանի կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.