ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Երկրորդ անգամն է, որ Չարլի Քէյեան Համագաղութային հայ վարժարանը հրապարակաւ ինքզինք կ՛արժեւորէ եւ կ՛արդարացնէ խումբ մը նուիրեալ մշակներու տարեկան տքնաջան աշխատանքը: Յատուկ հրաւէրով մը ներկայ գտնուեցայ հրապարակային երկու ելոյթներու. առաջինը՝ Միջազգային երեկոն, իսկ երկրորդը՝ ամավերջի այս հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Յունիս 6ի երեկոյեան, Բողոքական համայնքի Հայ պանդխտաց եկեղեցւոյ գեղեցիկ սրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու եւ բարեկամներու:
Ճշդուած ժամանակին, տնօրէնուհի Զարուհի Տէր Մկրտիչեան, բեմ բարձրանալով՝ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, վերապատուելի Արա Կէօքէզեանը, որ աղօթքով հանդէսին բացումը կատարէ: Ապա տնօրէնուհին բարի գալուստի խօսքին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ բարեկամներուն, որոնք խուռներամ ընդառաջած էին տնօրէնութեան հրաւէրին:
Դպրոցի նուագախումբը նուագեց Հայաստանի քայլերգը, ապա իրարու յաջորդեցին եւ իրենց սրտի անկեղծ խօսքն ու շնորհաւորանքները արտայայտեցին Աշակերտական խորհուրդի նախագահ Միքայէլ Մազման եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Մարշալ Մուշիկեան:
Բուռն ծափերով դիմաւորուեցան նախամանկապարտէզի «Ծաղիկ»ն ու «Արեւ»ը, որոնք կը փայլէին իրենց գոյնզգոյն տարազներով: «Արեւ»ը իր մասնակցութիւնը բերաւ արտասանութեամբ եւ երգով՝ «Մանկապարտէզում» եւ «Ծաղիկների պէս քնքուշ», «Ծաղիկ»ը արտասանեց «Ոսկետառ» քերթուածը, երգեց «Ա.Բ.Գ.» երգն ու պարեց «Լա Պամպա»ն, իսկ մանկապարտէզը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ես փոքրիկ աստղ մըն եմ» քերթուածով եւ երկու երգերով՝ «Ա.Բ.Գ.» եւ «Մնաք բարով մանկապարտէզ». ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը:
Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը սկսաւ Ա. եւ Բ. կարգերու արտասանութեամբ եւ երգով՝ «Թող յաւերժ ապրի» եւ «Ամէն ինչ կ՛աճի»: Գ. դասարանի աշակերտներն ալ արտասանեցին, «Ժամը ութ եւ երեք վայրկեան» եւ «Եռագոյն դրօշը», իսկ Դ. դասարանը հանդէս եկաւ «Տան պարտականութեան գործիք» եւ «Պիտի գնանք» քերթուածներով:
Ե. եւ Զ. դասարանները պարելով բեմ բարձրանալէ ետք, արտասանեցին «Խենթ երազ մը» եւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» քերթուածները, ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը:
Զ. դասարանէն հետեւեալ աշակերտ-աշակերտուհիները վկայական ստացան. Գաբրիէլա Նշանեան, Միքայէլ Մազման, Մարի Տէմիրճեան, Արմանտ Քարքազեան, Իլէյն Չոպանեան եւ Ռիան Մետիսըն: Ծնողներն ու ներկաները իրենց ուրախութիւնն ու գնահատանքը ծափերով արտայայտեցին, իսկ դպրոցի նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Տենի Մենտոզայի, նուագներով եւ երգերով աւելի խանդավառեց մթնոլորտը:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Էրեբունի» եւ «Սարդարապատ» երգերով, ղեկավարութեամբ Ծովիկ Գուդումեանի:
Ծնողներ եւ բարեկամներ, իրենց սիրելիներուն յիշատակին եւ վարժարանի յաջող աշակերտներուն համար կրթաթոշակ հաստատած են: 2013 տարեշրջանին, հետեւեալները կրթաթոշակ ստացան.
– Մանկապարտէզ՝ Արիանա Սարգսեան, Տեմիըն Տաթսըն
– Ա. դասարան՝ Էմըլի Սահակեան, Յասմիկ Պզնունի
– Բ. դասարան՝ Արքատի Մանուչարեան, Նելլի Չօպանեան
– Գ. դասարան՝ Անի Սարգսեան, Մարուսիա Այրումեան
– Դ. դասարան՝ Գայլ Աթաշեան, Մելինէ Չօպանեան
– Ե. դասարան՝ Յովիկ Օհանեան, Քիանա Աթաշեան
Հանդիսութենէն ետք, երբ տուն կը վերադառնայի, յուզումով եւ արցունքը աչքերուս՝ վերյիշեցի 1947 տարեշրջանին, Զ. դասարանի վկայական առնելուս հանդիսութիւնը եւ սրտաճմլիկ հետեւեալ դէպքը: Զ. դասարանի աշակերտներս բեմ պիտի բարձրանայինք ճերմակ կօշիկներով, սակայն դասարանին մէջ ունէինք աղքատ ընտանիքի մը տղայ զաւակը, որ դպրոց եկաւ եւ ուրախութեամբ ցոյց տուաւ իր սեւ ամէնօրեայ կօշիկը, որ ճերմակ կիրով ներկած էր: Երբ բոլորս խնդացինք, ան հպարտութեամբ ըսաւ. «Մայրիկս ըսաւ, որ կօշիկս ճերմակ է, կրնամ բեմ բարձրանալ»: Աղքատ ընտանիքին տղան կիրով ներկուած կօշիկով բեմ բարձրացաւ եւ մեզի հետ վկայական ստացաւ:
Սիրելի ընթերցող, 66 տարիներ անցեր են վերոյիշեալ թուականէն. տարիներուն հետ մենք բոլորս քալեցինք եւ գործածեցինք զանազան գոյներով եւ տեսակներով կօշիկներ եւ հագուստներ, սակայն մեր սիրտերուն մէջ վառ պահեցինք միշտ մեր «Մեծասքան»չը:
Սիրելի շրջանաւարտ աշակերտ-աշակերտուհիներ, կը շնորհաւորենք ձեր Զ. դասարանի վկայականը եւ բանաստեղծուհիին հետ կ՛ըսենք.
Ու տես, որդիս, ո՜ւր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ո՜ւր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանա՜ս…