ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախագահի Վերահսկողութեան պալատի (ՎՊ) ղեկավարը Հայաստանի ամէնէն սարսափազդու մարդոցմէ մէկն է: Անոր դէմ կը խեղճանան, կը ստորնանան պետական բոլոր պաշտօնեաները, բացի՝ նախագահէն:
Պաշտօնեաներու այս բանակը իր գործը պահպանելու համար, պատրաստ է ամէն «զոհողութիւն» կատարելու: Արդէն իսկ կաշառքի կամ այլ զարդուղի ճանապարհով ապահովուած պաշտօնը կը պահպանուի միայն նոյն կաշառքի ու զարդուղի միջոցներուն շնորհիւ, որոնցմէ օգտուողներու շարքին իր պատուաւոր տեղն ունի Վերահսկիչ պալատի կառոյցը՝ իր բոլոր աստիճաններով:
Ուրեմն, այս միջավայրի ծնունդ Իշխան Զաքարեանը, որ յայտնապէս կը վայելէ նախագահի ամբողջական վստահութիւնը, սկսած է «ապշեցուցի»չ ու «զարմանալի» բացայայտումներ ընելու՝ պետական պիւտճէի միլիառաւոր դրամներու փոշիացման մասին:
Այս մասին տեղեկագրութիւնը կրնաք կարդալ այսօրուան «Ասպարէզ»ի չորրորդ էջով: Կարդալու ատեն փորձեցէք զսպել ձեր ծիծաղը, մանաւանդ, երբ կը հանդիպիք այս բացայայտումներուն պատճառով իրարու անցած իշխանական պաշտօնատարներու հակազդեցութիւնները:
Ծիծաղելի, որովհետեւ զարմացող ու իրարու անցած բոլոր իշխանամէտ պաշտօնեաները շատ լաւ գիտեն, թէ իրենց սեփական հարստութիւնը գոյացուցած են պետական պիւտճէն թալանելով, կամ՝ պետութեան շնորհած իրաւունքները չարաշահելով:
Ծիծաղելի նաեւ, որովհետեւ, ինչպէս ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Նիկոլ Փաշինեանի մահացու հարցումը կը թելադրէ՝ ուրկէ՞ է բացայայտողին՝ ՎՊի նախագահին հարստութիւնը, որուն միջոցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրին մօտ կը բարձրացնէ իր սեփական շքեղ բնակարանի շէնքը:
Այս համակարգին մէջ չկայ անմեղ մարդ, որ կարենայ քար նետել մեղաւորներուն վրայ: Բոլորը կողոպտիչներ են, բոլորը պէտք է պատժուին: Բայց ո՞ր պաշտօնեայի բարոյական դիրքը այնքան փխրուն չէ, որ իրաւունք ունենայ պատժելու թալանողները: