ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա Քիեւի մէջ հանդիպում մը ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:
ԵԱՀԿի քարտուղարութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին քննուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցեր: Համանախագահները Քոժարային ներկայացուցած են տագնապին շուրջ բանակցային ընթացիկ վիճակը, հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական սկզբունքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման վերջին արդիւնքները: Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են ԵԱՀԿի գործող նախագահին Հայաստան եւ Ատրպէյճան այցելութեան ժամանակացոյցին շուրջ, հաշուի առնելով, որ Ուքրանիա, իբրեւ ԵԱՀԿի նախագահող երկիր, այդ այցելութեան արդիւնաւէտութեան հետ մեծ յոյսեր կը կապէ:
Քոժարա վերահաստատած է Ուքրանիոյ պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ Քասփըրչիքի ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ զայն Ուքրանիոյ նախագահութեան առաջնայնութիւններէն մէկը դասելով:
Կ՛ակնկալուի, որ Քոժարա տարածաշրջան այցելէ Յունիս 17-20ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.