ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երէկ իր աշխատանքները աւարտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովը: Վերջին օրակարգով Ժողովը ընտրեց Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն անդամները: Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան՝ Կորիւն արք. Պապեան, Օշական արք. Չօլոյեան, Վարուժան արք. Հերկելեան,. Խաժակ արք. Յակոբեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Գեղամ Արք. Խաչերեան, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Շահան եպս. Սարգիսեան, Շահէ եպս. Փանոսեան, Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան եւ Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան: Քաղաքական ժողովի անդամ ընտրուեցան՝ Պետրոս Գարաճրճեան, Սուրէն Սարգիսեան, Արթիւր Նազարեան, Վիգէն Գասապեան, Արա Տէմիրճեան, Ճորճ Շահինեան, Վարդան Վարդանեան, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն՝ Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան , Տրդատ Մանկիկեան, Յակոբ Եափուճեան եւ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան:
Ժողովը նաեւ որդեգրեց երկու յայտարարութիւններ՝ Սուրիահայութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մասին: Այս վերջին նիստի մանրամասն տեղեկագրութիւնը եւ զոյգ յայտարարութիւնները կը հրապարակենք յաջորդիւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.