ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Յունիս 13ի երեկոյեան, Կալաթասարայի «Ճեզայիր» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ անօրինակ հաւաքոյթ մը, որ նուիրուած էր 1915ին կախաղան հանուած քսան հնչակեաններու յիշատակին։ Հաւաքոյթը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց։ Ընթացքին խօսք առին Ռակըպ Զարաքօլու, Մասիս Քիւրքճիւկիլ, Մուսթաֆա Քեհիա եւ Հնչակեան կուսակցութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեան, որ եկած է արտասահմանէն։ Հանդիսավարն էր Ֆ. Փերիօղլու։
Զարաքօլու ըսաւ, թէ շատ երջանիկ է, որ ներկայ կը գտնուի այս պատմական հաւաքոյթին։ «Ընկերվարական շարժումի գոյութեան մասին առաջին անգամ լսած էի 1970ականներուն։ Օսմանեան շրջանի առաջին ընկերվարականները հայերը եղած էին։ Օսմանեան շրջանին մէջ ալ առաջին քաղաքական քայլարշաւներն ու ցոյցերը կազմակերպուած էին հայ ընկերվարականներու կողմէ։ 1890ին Պատրիարքարանէն ելան ու քալեցին դէպի Պապ Ալի։ Իթթիհատականները մօտաւորապէս 140 հայ ընկերվարականներ սպաննեցին։ 15 Յունիս, 1915ին քսան հայ ընկերվարականներ Պայազիտի կեդրոնը դրուած կախաղաններու վրայ մահուան դատապարտուեցան», ըսաւ Զարաքօլու եւ յայտնեց, թէ յարգանքով կը խոնարհի անոնց յիշատակին առջեւ։
Յետոյ խօսք առաւ Մասիս Քիւրքճիւկիլ, որ պատմական տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ յիշեցնելով, որ միջոց մը հայ ընկերվարականներ ու քաղաքագէտներ գործակցած էին իթթիհատականներու հետ, բայց իթթիհատականները աւելի ուշ հայերու դէմ ելան՝ գործադրելով ահաւոր սպանդներ։
Օսմանեան շրջանի հայերուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ Մուսթաֆա Քեհիա։
Արտասահմանէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած Ալեքսան Քէօշկէրեան ըսաւ, որ շատ յուզուած է եւ երջանիկ, որ կը գտնուի քաջարի մարդոց շրջանակի մը մէջ։ Ան բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց։
Այս առթիւ հրատարակուած էր նաեւ գրքոյկ մը, ուր մէկ առ մէկ կը ծանօթացուէին կախաղան հանուած 20 հնչակեանները, գլխաւորութեամբ՝ Փարամազի )Մատթէոս Սարգսեան)։ Այս անձերուն հայերէնով ու թրքերէնով տպուած կենսագրութիւններուն կ՛ընկերանային անոնց պատկերները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.