ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հաւանաբար շատեր կ՛ակնկալէին, որ վերջերս Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող զանգուածային բողոքի ցոյցերն ու անկարգութիւնները երկրի ղեկավարներու ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն ներքին խնդիրներուն վրայ՝ հեռացնելով զանոնք այլ կարեւոր զարգացումներէն, ինչպիսիք են, օրինակ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերը: Ցաւօք, այդպէս չեղաւ:
Հակառակ անոր որ հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ զայրացած կը բողոքէին Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին՝ իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելով Էրտողանի բռնատիրական իշխանութեան դէմ, արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները կը շարունակէին զբաղիլ իրենց սովորական ժխտողական պարտականութիւններով՝ հակազդելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը վերահաստատելու ուղղութեամբ այլ պետութիւններու բոլոր ջանքերուն:
Վերջին շաբաթներուն արձանագրուած է թրքական արձագանգի երեք նման դէպք.
1. Թրքական կառավարութիւնը խստօրէն արձագանգեց, երբ Հռոմի Ֆրանսիս պապը վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ զայն անուանելով «20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»: Հռոմի պապը այդպէս արտայայտուած էր Յունիս 3ին՝ Հայ կաթողիկէ պատուիրակութեան Վատիկան կատարած այցելութեան ընթացքին: Թէեւ պապը նման տեսակէտներ արտայայտած էր նաեւ նախապէս՝ Արժանթինի կարդինալ եղած ժամանակ, սակայն վերջերս, իր պապ ընտրուելէն ետք, ասիկա առաջին անգամն է, որ կ՛անդրադառնար Հայոց Ցեղասպանութեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շտապեց պաշտօնական բողոք ներկայացնելու Վատիկանին՝ իր «հիասթափութիւնը» արտայայտելով պապին յայտարարութեան առիթով: Անգարայի մէջ Վատիկանի դեսպանը անմիջապէս կանչուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ անոր ըսուեցաւ, որ պապին տեսակէտները «բացարձակապէս անընդունելի» են եւ կրնան վնաս հասցնել երկկողմանի յարաբերութիւններուն: Թուրք անանուն պաշտօնեայ մը նոյնիսկ հաւանական նկատեց, որ Հռոմի պապին Թուրքիա յառաջիկայ այցելութիւնը կրնայ վտանգուիլ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ անոր արտայայտած տեսակէտներէն ետք:
Նահանջելու փոխարէն, Վատիկանը աւելի բարդացուց իրավիճակը Թուրքիոյ համար՝ յայտարարելով, որ Ֆրանսիս պապը կը նախատեսէ 2015 թուականի Ապրիլի 24ին այցելել Հայաստան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին առիթով յատուկ արարողութիւն մատուցելու համար:
Նկատի ունենալով թուրք պաշտօնատարներուն ժխտողական մտածողութիւնը՝ հասկնալի է, որ անոնք պէտք է դժգոհ ըլլային պապին անկեղծ եւ բարոյապէս ոգեւորիչ յայտարարութենէն: Ի վերջոյ, Հռոմի պապը ոչ միայն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդն է, այլ նաեւ՝ պետութեան ղեկավարը: Այդուհանդերձ, կարիք չկար, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդպէս բորբոքէր, քանի որ Վատիկանը երկու անգամ ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 2000 եւ 2001 թուականներուն:
Թրքական պաշտօնատարները կարծէք չեն գիտակցիր, որ չափէն աւելի սուր արձագանգելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումներուն՝ իրենք ակամայ կը նպաստեն այն հարցին, զոր կը ձգտին քողարկել: Իրապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ֆրանսիս պապին յայտարարութեան առնչութեամբ թրքական դատապարտումը միջազգային լրատուամիջոցներուն միջոցով հաղորդուած է ամբողջ աշխարհին՝ այսպիսով աջակցելով Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերուն ալ աւելի հրապարակման: Անգարայի իսկական մտադրութիւնը այն է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ խստօրէն քննադատելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայն արտայայտուիլ համարձակող ոեւէ անձ՝ միւսները ետ պահել նման յայտարարութիւններ ընելէ, յատկապէս հաշուի առնելով գալիք հարիւրամեակը՝ 2015 թուականին:
2. Այս ամսուան սկիզբը Յունաստանի խորհրդարանը նոյնպէս զայրացուցած է թրքական իշխանութիւնները, երբ իշխող «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւնը, Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինէն էջ մը ընդօրինակելով, ներկայացուցած է օրինագիծ մը, որ պատիժ կը սահմանէ այլատեացութեան եւ Յունաստանի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ու Ողջակիզումի ժխտման կամ խեղաթիւրման համար: Առաջարկուող օրէնքը խախտողները պիտի պատժուին մինչեւ երեք տարուան բանտարկութեամբ եւ 5-20 հազար եուրօ տուգանքով: Յունաստանի խոր-հրդարանը 1996 թուականին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Թէեւ թրքական կողմէն տակաւին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարուած վերջերս ներկայացուած այս բանաձեւին դէմ, սակայն արդէն պարզ է, որ ճնշում կը գործադրուի Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին եւ դիւանագիտական այլ խողովակներու կողմէ:
3. Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի (խորհրդարան) երեսփոխաններ Արսէն Աւագովը՝ ընդդիմադիր «Պատքիւշչինա» (Հայրենիք) կուսակցութենէն եւ Վիլեն Շատուորեան եւ Նուէր Մխիթարեան՝ իշխող «Ռեկիոններ»ու կուսակցութենէն, Յունիս 6ին ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծ: «Ազերնիուզ»ը հաղորդած է, որ Ուքրանիոյ մէջ բնակող ատրպէյճանցիները խորհրդարանին առջեւ բողոքի ցոյց իրականացուցած են՝ ընդդէմ այդ օրինագիծին: Նաեւ, ատրպէյճանական շարք մը կազմակերպութիւններու ստորագրութեամբ նամակ յղուած է Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչին՝ պնդելով, որ այդ որոշումը «լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառէ Ուքրանիոյ թրքալեզու ժողովուրդներուն, յատկապէս՝ ատրպէյճանցիներուն… եւ լուրջ հարուած է Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ համար»: Ըստ ուքրանական լաւատեղեակ աղբիւրներու, ատրպէյճանցի ցուցարարներու ետին կանգնած է Թուրքիոյ կառավարութիւնը. խիստ արձագանգած է նաեւ Ղրիմի թաթարներու խորհրդարանի նախագահ եւ Ուքրանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Մուսթաֆա Ճեմիլեւը:
Հակառակ շարունակուող ներքին անկայունութեան, թրքական պաշտօնատարները կը շարունակեն ամբողջ աշխարհի մէջ տարածել իրենց ժխտողական քաղաքականութիւնը՝ միջամտելով այլ երկիրներու ներքին գործերուն: Կարելի է յուսալ, որ միջազգային հանրութիւնը մերժէ Էրտողանի վարչակարգին սնափառ եւ ամբարտաւան կեցուածքը, ինչպէս որ ան կը մերժուի իր տան՝ թուրք ազգաբնակչութեան զգալի մէկ հատուածին կողմէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքը