Յունաստանի Համազգայինի 18րդ Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 16 Յունիսին, Քոքինիոյ «Զաւարեան» ակումբի «Զաքարեան» սրահին մէջ:
Առաւօտեան ժամը 11:30ին նիստը բացուած յայտարարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սերգօ Մինասեան, վարչութիւնները եւ պարի միաւորը ներկայացնող 12 իրաւասու եւ 12 խորհրդակցական ձայնով պատգամաւորներու ներկայութեան:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Մարտիկ Տէմիրճեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Խաչիկ Կարինեան, ՀԿ Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ Լուսի Շանկայեան եւ «Ազատ Օր»ի խմբագիրը:
Ժողովի կարգն ու օրինականութիւնը ճշդելու համար առժամեայ դիւան ընտրուեցան Յակոբ Պետոյեան (ատենապետ) եւ Բաբգէն Գասապեան (քարտուղար), որոնք ստուգեցին լիազօրագիրները եւ հաստատեցին ժողովի ներկաներուն թիւը: Ներկայ եղան Աթէնքի «Գէորգ Կառվարենց», Թեսաղոնիկէի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղերու, ինչպէս եւ Պարի միաւորի պատգամաւորները եւ Քոքինիոյ «Յով-հաննէս Շիրազ» վարչութեան ատենապետը: Ժողովէն կը բացակայէին Ալեքսանտրուպոլսոյ եւ Սերեսի պատգամաւորները:
Ժողովը անցնելով իր աշխատանքներուն, որպէս մնայուն դիւան վերահաստատեց առժամեայ դիւանը: Ապա ընտրեց բանաձեւի, արխիւի ու հաշուեքննիչ յանձնախումբերու կազմերը:
Ժողովին իր խօսքը ուղղեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մարտիկ Տէմիրճեան, որ շեշտեց թէ մօտէն գործակցելու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն ծանօթանալու լաւագոյն առիթներ կը հանդիսանան նման հանդիպումներ: Ան հաստատեց, թէ Յունաստանի շրջանը միշտ աշխոյժ եւ գործունեայ եղած է, բազմազան մշակութային մարզեր ներառնելով իր գործունէութեան ծիրէն ներս: Վերջին շրջանին դիմագրաւուող տնտեսական տագնապը եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած որոշ կացութիւններ՝ դժուարութիւններու մատնած կրնան ըլլալ միութիւնը, սակայն նոր ուժ եւ նոր ձեւեր կարելի է որոնել, դարձեալ աշխուժացնելու ու խթանելու համար աշխատանքը: Լաւ է ըլլալ իրատես, ճիշդ գնահատելու համար ստեղծուած իրավիճակները, բայց նաեւ մնալ պայքարունակ ու լաւատես՝ նոր աւիշ ներդնելու համար միութենական գործին:
Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց միութեան գործունէութեան հիմնական բաժինները, կարեւորելով Սփիւռքի նոր պայմաններուն պատշաճելու եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կէտերը: Ան ըսաւ, թէ միութեան գործունէութիւնը իր շուրջ կը համախմբէ հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած մեր հայրենակիցներու զանգուածները:
Ժողովին ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Խաչիկ Կարինեան, որ անդրադարձաւ ժողովուրդներու կեանքին ու պատմութեան մէջ մշակոյթին ունեցած կենսական նշանակութեան հաստատելով, թէ ազգերն ու ժողովուրդները իրենց ազգի ժառանգութեան կառչած մնալով ու հպարտութեան զգացումով է, որ կը յաջողին յաղթահարել դժուարութիւնները:
Իր խօսքը փոխանցեց նաեւ «Ազատ Օր»ի խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որ հայ ազգի ու հայութեան աւանդներու պահպանման գործին մէջ գնահատեց Համազգայինի տարած աշխատանքը: Նշուեցաւ առկայ մարտահրաւէրներու գոյութեան հարցը, միութեան հմայքը վերահաստատելու հարկադրանքը, ինչպէս նաեւ՝ հայոց լեզուն եւ մշակոյթը նոր սերունդներուն փոխանցելու կարիքը:
Ապա ընթերցուեցաւ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան տեղեկագիրը, որմէ ետք ժողովը քննարկեց իր առջեւ պարզուած կացութիւնը՝ հաստատելով, թէ գաղութէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն նման Համազգայինի ամբողջ կառոյցը եւս, կոչուած է մշակոյթի ճամբով ծառայելու հայապահպանման, համախմբելու նոր սերունդի մշակութասէր ուժերը եւ ստեղծելու ապագային եւս միութեան գործունէութիւնը պահպանելու նախադրեալները:
Քննարկուեցան միութեան յետագայ գործունէութեան տարբեր մարզերուն վերաբերեալ այլեւայլ բնոյթի առաջարկներ:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւնը հետեւեալ կազմով՝ Յովհաննէս Գայթանճեան, Աղաւնի Գայթանճեան, Էտկար Էկեան, Բաբգէն Գասապեան, Մարիա Մարկոսեան, Ժագ Տամատեան եւ Գոռ Վիրապեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.